12 Jan 2012

Ծաղրածուն




Հայելիին դիմացը նստած ինքզինքը կը դիտէր:Անցած տարիները իրենց ակօսները ձգած էին իր դէմքին վրայ, որոնք հակառակ իր դէմքին ըրած չափազանցուած դիմայարդարումին չէր յաջողած ծածկել:

Շաբաթ մը առաջ, սաստիկ վիճաբանութիւն մը ունեցած էր իր կնոջ յետ որու աւարտին կինը իր զաւակը արած ու հեռացած էր տունէն, այլեւս չի վերադառնալու նպատակով :Տարիներ էին որ մարդը անգործ էր:Հոն, հոս ,անցողական գործերու մէջ աշխատելով տուն հաց տանիլ կը ջանար բայց ստակը շատ ցած էր:Ամիսներէ ի վեր իրենց տան ամսականը չի վճարած ըլլալուն պատճառաւ տանտէրը դատ բացած ու զինք դատապարտած էր:Երկու շաբաթէն պէտք էր տունը պարպել:Ու՞ր պիտի երթար ձմեռ օրով, երթալիք ոչ տեղ մը ունէր, ոչ ալ իրէն ապաւինելիք ազգական մը:Շաբաթ մըն էր որ տան մէջ առանձին շարունակ կը մտածէր այս նիւթի շուրջ:Կարօտցած էր իր կինը եւ զաւակը բայց չէր կրնար իրենց տունը երթալ որովհետեւ կամչնար :Ի՜ նչ երեսով պիտի երթար իրենց մօտ, ի՜ նչ պիտի ըսէր իրենց քանի որ ոչ մէկ բարելաւում ունեցած էին իր պայմանները անցած այդ շաբաթուան մը մէջ:Ընդհակառակը, դատարանէն ստացած էր երկու շաբաթուան մէջ տունը պարպելու վճիռը:

Շարժանկարի երիզի մը մնան աչքին առջեւէն անցան իր պատանութեան տարիները:Ի՜ նչ երջանիկ էր երբ պատանի տղայ մըն էր ու կապրէր իր հօրենական տան մէջ :Իր հայրը ,մայրը, իրենց ապրած տունը,տան պարտէզը ,ծառերը:Ո՜րքան ուրախ էր այդ տարիներուն:Ոչ մէկ մտահոգութիւն ունէր,աշխարհը իր հոգն անգամ չէր:Իսկ հիմա, բոլորովին առանցին մնացած էր կեանքին իր ուսերուն վրայ բեռնաւորած պատասխանատուութեան դիմաց:Ի՞նչ կըլլար եթէ իր կինը քիչ մը հասկացողութիւն ցոյց տար ու համբերէր:Բայց ասոր համար չէր կրնար մեղադրել զինք:Տարիներ էին որ համբերած էր իրենց տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ ի վերջոյ իրենց զաւկին հետ միասին բաժնուած էր տունէն ու վերադարձած իր հօրենական տունը:

Մարդը այս ծանր մտահոգութիւններու մէջ կը սպասէր որ իր հերթը գար:Հայելիին վրայի լոյսը մարեց որպէսզի քիչ մը մութը մնայ:Մութը իրէն խաղաղութիւն կուտար, քանի որ մութին մէջ չէր տեսներ իր շուրջը : Մարդոց դէմքը, որոնք երբեմն խղճահարութեամբ, երբեմն ալ արհամարհանքով կը նայէին իրէն, իր կեանքին մէջ անյաջող մէկը եղած ըլլալուն համար:Ի՞նչ կրնար ընել,ճակատագիրը այսպէս ճամբայ մը գծած էր իրէն:

Սթափեցաւ իր մտածումներէն երբ դուրսէն դուրը զարկին:Դուռը զարնողը առանց դուրը բանալու դուրսէն ձայնեց:

-Հինգ վայրկեանէն հերթը քուկդ է ,երեկուան պէս ապշահարած մի մնար բեմին մէջտեղը մարդիկ հոս զուարճանալու կուգան այլ ոչ թէ ողբերգութիւն դիտելու:

Դուրսի մարդուն ըսած այս նախադասութիւնը արձագանգեց իր ուղեղին մէջ .

<< մարդիկ հոս զուարճանալու կուգան այլ ոչ թէ ողբերգութիւն դիտելու>>:

-Իմ կեանքս ողբերգութիւն մըն է արդէն բայց որու՞ն հոգը ,մտածեց:

Հայելիի վրայի լոյսը պահ մը վառեց ու իր դէմքին նայեցաւ:Ծանր պաշտօնը կատարելու ժամանակը հասած էր:Պէտք էր կեղծեր որպէսզի ուրիշները զուարճանային: ոտքի ելաւ ու ուղղուեցաւ դէպի դուռ:Պահ մը վարանեցաւ դուռը բանալու որովհետեւ գիտէր որ երբ դուռը բանար դուրսը զինք սպասող հազարներով բազմութեան պոռչտուքը ռումբի մը նման պիտի պայթէր երեսին,եւ իսկոյն այդպէս ալ եղաւ:Սանդուխներէն վեր կարծես դէպի Հռովմի <<արէնան>> կը բարձրանար, ուր քիչ վերջ դէմ դիմաց պիտի գար արիւնարբու սուսերամարտիկներու հետ, որոնց հետ իր կեանքի մենամարտը պիտի ընէր:Քանի կը մօտենար ալ աւելի կը բարձրանային դուրսի ձայները:Ժողովուրդը խելագարած կը պոռար,կը ծափահարէր:

Բեմի դրան ետեւը մութին մէջ կեցած կը սպասէր որ դուրը բացուէր:Մարդուն ափերը քրտնած էին, սիրտը արագօրէն կը բաբախեր:Այդ քանի մը վայրկեանը որ կը սպասէր դռան ետեւ իրէն ժամերու պէս եկան,ինչ կըլլար եթէ այդ օր այդ անիծեալ դուռը չի բացուէր: Անգամ մը եւս շարժանկարի ժապաւէնի մը պէս աչքին առջեւէն անցան իր կնոջ հետ ունեցած վիճաբանութիւնը,կնոջ իրենց զաւակը առնելով տունէն հեռանալը: Որքա՜ն անարդար էր կեանքը:Մինչ ժողովուրդը դուռին միւսը կողմը ուրախ,զուարթ իրենց ընտանիքներով ու հարազատներով կը զուարճանային,դուրին այս կողմը ինք մեծ ողբերգութեան մը մէջ կը գտնուէր բաժնուած իր ընտանիքէն ու իր հարազատներէն :Ամենէն ցաւալին ալ այն էր որ հիմա ինք, հակառակ իր մէջը գտնուած ողբերգական վիճակին պէտք էր զանոնք զուարճացնել ու ասիկա ընելու համար ինքզինք խայտառակ կացութեան մը մէջ պէտք էր խոթեր:Ողբերգութիւն ապրող մէկը ինչպէ՞ս կրնար ժողովուրդը զուարճացնել: Մահը աւելի նախընտրելի էր դերեւս:Ազդուեցաւ, աչքերը արցունքոտիլ սկսած էին:Դուռը յանկարծ բացուեցաւ ու դուրսի պոռչտուքը զօրաւոր լոյսի հեղեղի մը հետ միասին անգամ մը եւս ռումբի մը պէս պայթեցան մարդուն երեսին:

Մեծ քայլերով վազեց ու եկաւ կեցաւ բեմին մէջտեղը, ճիշտ լոյսին տակ ու ձեռքերը դէպի վեր բարձրացնելով պահ մը այդպէս կեցաւ:Հիմա բոլորը զինք կը դիտէին ու կը խնդային: Իր ոտքերէն բաւական մեծ կարմիր կօշիկներ, դեղին ու վրայէն թափող տաբատ մը,կանանչ շապիկ ու վրայէն դեղին բաճկոնակ հագած:Խոշոր փորով ,մեծ կարմիր քիթով ու գլխուն վրայ դեղին պարիկ մը անցուցած ,երեսին վրայ գոյաւոր մատիտով խոշոր ժպիտ մը գծուած արտաքինով միշտ խնդացող բայց ներքինով լացող <<ծաղրածուն >> բեմին ճիշտ մէջտեղը կեցած ժողովուրդը կը դիտէր:Որքան կը զուարճանային, կը խնթային ու կը ծաղրէին զինք: Կը նախանձեր անոնց ուրախութիւնը, կը զայրանար անոնց իր ողբերգութեան դիմաց ունեցած անտարբերութեան համար:Աչքերէն քանի մը կաթիլ արցունք սահեցան ու երեսին վրայ գծուած խոշոր ժպիտին վրայ ուղղահայեաց գիծ մը գծելով ու մասամբ աւրելով երեսի դիմայարդարումը, այտերէն վար սահելով կաթեցան կարմիր ու մեծ կօշիկներուն վրայ:


Ո՜չ ոք նշմարեց:



Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 5 Յունուար 2012

31 Dec 2011

ԿԱՂԱՆԴԻ ՈԳԻՆ





Նոր տարուայ երեկոյ էր, Արագած լերան հարաւարեւելեան կողմը, Քասաղ գետի ափին գտնուող Աշտարակի մէջ ժողովուրդը ամանորը տօնելու կը պատրաստուէր:Գաղաքը բոլորովին ծածկուած էր ձիւնով ու մարը մտնող Արեւուն տարածած վերջի շողերը անուշ կարմիր գոյնով մը ներկած էին քաղաքի արուարձանները:Հերուէն Սուրբ Մարիանէի եկեղեցիին զանգակատունէն արձակուած ղողանջները վիպական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին: Ժողովուրդը աճապարանքով իրենց տուները կը վերադառնար գիշերուան պատրաստութիւն ընելու համար իսկ երեխաները յամոյրներու նման ձախ ու աջ կը ցատկռտէին:Ամեն մարդ ուրախ էր, քանի մը ժամ վերջ ամանորը պիտի տօնէին իրենց հարազատներու հետ:

Դիմացի մայթէն զանազան նուէրներու տուփերով բեռնաւորուած,բարեկեցիկ կերպարանքով մարդ մը արագօրէն կը քալէր:Յանկարծ անկիւնէն փոքրիկ երեխայ մը վազելով դուրս ելաւ ու մարդուն զարնուեցաւ ու բոլոր տուփերը վար տապալեց:Մարդը զայրացած սկսաւ յանդիմանել երեխան:

-Ի՞նչ կընես սրիկայ, ինչու՞ համար առջեւդ չես նայիր:

Աղքատիկ հագուստներ հագած տղեկը առանց մարդուն յանդիմանութեան կարեւորութիւն տալու գետին ծրած կարծես գետնին վրայ բան մը կը փնտռէր:Մարդը երեխային այս անտարբերութիւնը տեսնելով ալ աւելի ջղայնացաւ ու սկսաւ պոռալ երեխային երեսն ի վեր:

-Անուշադիր ես բայց միաժամանակ անկիրդ ալ ես քանի որ ըսածս մտիկ չես ընէր: Ո՞վ ես դուն ,անունդ ի՞նչ է, ի՞նչ կը փնտռես գետնի վրայ:

-Անունս Քերովբէ է պարոն :Կաղանդի ոգին կը փնտռեմ որովհետեւ զայն կորսնցուցի:Պատասխանեց երեխան :

Մարդը շուարած ստացած այս պատասխանէն կմկմալով հարցուց:

-Ի՞նչ... կաղանդի ոգի՞: Ատ ալ ի՞նչ է որ:

-Չէ՞ք գիտէր թէ ինչ է կաղանդի ոգին պարոն:Զարմանայի,մինչդեռ դուք մեծերդ ամէն բան շատ լաւ գիտէք:

-Հարկաւ թէ գիտեմ ինչ է կաղանդի ոգին:Չե՞ս տեսներ գնած նուէրներս:Տանս մէջ քաղաքին ամենամեծ կաղանդի ծառը ունիմ:Վրան հազարներով լոյսեր ու շատ թանկագին զարդերով զարդարուած է:

Տղան արհամարհանքով նայեցաւ մարդուն ու ըսաւ:

-Կարծեմ թէ դուք ալ կորսնցուցեր էք կաղանդի ոգին, լաւ կըլլայ որ ժամ առաջ զայն փնտռել սկսիք:

Մարդը զայրացած փոքրիկ տղուն այս համարձակ յայտարարութենէն գետնէն հաւաքեց նուէրի տուփերը ու իր տանը ճամբան բռնեց:Հազիւ քանի մը քայլ հեռացած էր, լսեց որ տղեկը սաստիկ կը հազայ:Ետեւ նայեցաւ ու տեսաւ որ զօրաւոր հովը չէր արտօներ որ տղան շարունակէր իր ճամբան ու հովին հետ խառնուած ձիւնը կը մտրակէր տղուն տկար մարմինը:Մարդը տեսնելով այս բոլորը գթաց տղուն եւ ձեռքի նուէրները գետին ձգելով ետ վերադարձաւ, հանեց իր թանկագին ու հաստ վերարկուն եւ անով լաւ մը փաթթեց տղան որպէսզի պատսպարուի ցուրտէն ու ձիւնէն եւ ըսաւ:

-Հետս եկուր, քեզ իմ տաքուկ տունս տանիմ: Եւ իր գիրկը առնելով փոքրիկ Քերովբէն ուղղուեցաւ դէպի տուն:Մարդը փորձեց գետնէն նուէրներն ալ առնել բայց դժուարանով բոլորը միասին կրել, ստիպուեցաւ նուէրները ձգել ու շարունակել:
Մարդուն տունը գիւղաքաղաքէն քիչ մը դուրս, ծիրանի ծառերով լեցուն պարտէզի մը մէջ գտնուող շքեղ տուն մըն էր :Երբ հասան տուն, երկուքն ալ յոգնած էին:Մարդը փոքրիկ տղան վառարանին դիմացի բազկաթոռին վրայ դրաւ ու խոհանոց երթալով տաք թէյի , պանիր հացի ափսէ մը պատրաստեց ու բերաւ դրաւ փոքրիկ Քերովբէին գիրկը որպէսզի անօթի ու մսած տղեկը փորը կշտացնելով կազդուրուի եւ տաք թէյը խմելով տաքնայ: Յետոյ իր քովը նստելով սկսաւ իրէն պատմել թէ տարինե ՜ր առաջ երբ ինքն ալ իր պէս փոքրիկ երեխայ մըն էր, ինչպէս անհամբերութեամբ կաղանդ պապուկը կը սպասէր շրջապատուած իր հարազատներով :

Քիչ վերջ, տարուած յոգնութենէ ու վառարանէն արձակուած տաք օդին իրենց պատճառած թուլութենէ քուներնին եկաւ ու բազկաթոռին վրայ իրար փաթթուած քնացան :

Յաջորդ առաւօտ մարդը արթնցաւ Սուրբ Մարիանէի եկեղեցիի զանգակներուն ղօղանջով : Փոքրիկ Քերովբէն տունը չէր,գացած էր: Նշմարեց կաղանդի ծառին վրայ կախուած փայտէ, պարզ, ձեռքով քանդակուած հրեշտակը, որուն վրայ թուղթի կտոր մը փակցուած էր:Մարդը առաւ հրեշտակը ու թուղթը բանալով կարդաց:

Շնորհակալութիւն պարոն
Դուն զիս հիւրասիրեցիր ու մտիկ ըրիր
Մինչդեռ ոչ ոք ըրած էր մինչեւ հիմա
Եւ գտար քու կաղանդի ոգիդ
Ինչ կարեւորութիւն ունին թանկարժէք խաղալիքները, հարստութիւնը
Եթէ միասին գաւաթ մը տաք թէյ խմելիք,պատառ մը հաց ու պանիր ուտելիք բարեկամ մը չունիս :

Քերովբէ


Մարդը նախ գնաց ու ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Պատարագին:Յետոյ այցելեց քաղաքին որբանոցը, ու հոն գտնուող բոլոր որբերը առնելով իր տունը տարաւ, ուր անոնց համար պատրաստուած էր հոյակապ սեղան մը, հարուստ ամեն տեսակ անուշեղէններով,կարկանդակներով ,պտուղներով,զովացուցիչ ամպելիքներով ու իրարմէ համով այլ ուտեստեղէններով:Յետոյ հսկայ կաղանդի ծառին տակը գտնուող թանկագին նուէրներուն բոլորն ալ բաժնեց տղոց, իրէն պահելով միայն փոքրիկ Քերովբէի կողմէ ծառին վրայ դրուած պարզ ու տախտակէ հրեշտակը որ իր բոլոր կեանքի տեւողութեան զայն միշտ պիտի պահէր իր գրպանը :

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս 9 Դեկտեմբեր 2011

6 Dec 2011

Կեանքէս դրուագներ














Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի մէջ:


Անիմաստ խտրութիւններ:


Իմ ամէնէն հաւնած հայազգի գրողներէն է Րաֆֆի <<Յակոբ Մելիք Յակոբեան>>:Ան իր գիրքերուն մէջ շատ լաւ կը պատկերացնէ մեր ազգին տառապանքը,ողբերգութիւնը եւ իր մէջ գտնուած խռովալից վիճակը: Ըստ իս Րաֆֆիի գիրքերը գրական գլուխգործոց մը ըլլալէ զատ ուրիշ կարեւորութիւն մըն ալ ունին:Հակառակ որ ան մահացած է 1888 թուականին այսինքն մեծ եղեռնէն քսանեօթ տարիներ առաջ,իր գիրքերուն մէջ մեզ պատկերացուցած հայ ժողովուրդին օր է օր աւելի սաստկացող տառապանքներէն ու հալածանքներէն շատ լաւ կարելի է տեսնել որ հայ ազգը կառաջնորդուի դէպի մեծ ողբերգութեան մը:Րաֆֆի որ նաեւ վարպետ քննադատող մըն էր, իր <<Տաճկահայք>> անունով գիրքին մէջ վարպետօրէն քննադատած է հայ ազգին իրարու հետ ունեցած խռովութիւնը եւ թշնամութիւնը:Րաֆֆի իր <<Տաճկահայք>> անուն գիրքին մէջ սա տողերով կը բացատրէ թրքահայերու եւ կովկասահայերու իրարու հանդէպ ունեցած ատելութիւնը.

<<եթէ պատահում էր մեր կողմերում մի տաճկաստանցի հայ ֆէսը գլխին,իսկոյն "հոսոս" անունը կպցնում էինք ճակտին եւ երեսներս շուռ էինք տալիս:Մեր կողմերում մշեցի եւ վանեցի հայ մշակներին մեր երեխաներն անգամ " կռօ " էին կոչում ,եւ շատերն մեզանից հաւատացած էին թէ " կռօն " հայ չէ, այլ Քրդերի մի ցեղին է պատկանում:Տաճկաստանցին նոյն սխալ եւ մութ կարծիքները ունէր մեր մասին:Եթէ մեզանից մէկը հանդիպում էր Կ.Պոլսի կամ այլ քաղաքների փողոցներում, տաճկաստանցին մի կասկածաւոր հայեացք էր գցում մեր երեսին, եւ " անոնցմէ է " .......ասելով , ցոյց էր տալիս իւր ընկերին:Մեզ համարում էին հայութիւնից օտարացած ,մենք միմեանց չէինք ճանաչում, նրանք ատելի էին մեզ, իսկ մենք նրանց:>>Երբ առաջին անգամ կարդացի Րաֆֆիի այս գիրքը յիշեցի իմ Մուրատ Րափայէլեան Վարժարանի տարներս:

Իմ աշակերտութեանս առաջին տարին, վարժարանին աշակերտութեան թիւը հարիւր քսանհինգ էր, որոնց մեծամասնութիւնը պարսկահայերէ կը բաղկանար:Մենք պոլսահայերս շուրջ քսան հոգի էինք:Կային նաեւ լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր բայց աշակերտութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պարսկահայերէ կը բաղկանար:Պարսկահայերը մեզ կը գոչէին <<թորքէ խար>> որ պարսկերէն կը նշանակէ <<թուրքի էշ>>,իսկ մենք զանոնք կը գոչէինք <<սըղըր>> որ թուրքերէն կը նշանակէ <<եզ>> ու ատելութիւն մը կը տիրէր մեր եւ իրենց մէջ:Շատ լաւ կը յիշեմ, հազիւ տասնըմէկ տարեկան էի եւ իմ աշակերտութեանս առաջին օրերս էին:Ընտանիքէս բաժնուած էի եւ դեռ չէի վարժուած գիշերօթիկ դպրոցի կեանքին:Օր մը լիկէոնի վերջին դասարաններէն քանի մը պարսկահայ տղաք զիս այն ժամանակ դեռ աւերակ եղող դպրոցին շէնքերէն մէկուն մէջ տարին ուր զիս կը սպասէր ինծի տարեկից ուրիշ պարսկահայ տղայ մը եւ ըսին:

-Հիմա դուք Պարսկաստան եւ Թուրքիոյ միջեւ կռփամարտի մրցում մը պիտի ընէք:Տեսնենք թէ ով պիտի յաղթէ:

Գետնի վրայ կաւիճով գիծ կը քաշելով կռփամարտի բեմ մը ձեւացուցին, իրենցմէ մէկն ալ դատաւորի պաշտօն կընէր:Ես հազիւ տասնըմէկ տարեկան էի ու մինչեւ այդ օր բնաւ կռիւ չէի ըրած ու բնաւ բռունցք չէի բարձրացուցած ոչ ոքու դէմ:Դատաւորը նշանը տուաւ ու կռփամարտը սկսաւ:Մրցակիցս իր շղթաներէն ազատած գազանի մը նման վրաս եկաւ ու իր բռունցքներովը ձախէն ու աջէն զիս հարուածելով լաւ մը տփեց զիս:
Դատաւորը պարսկահայ մրցակիցիս ձեռքը վեր բարձրացնելով յայտարարեց.<<Պարսկաստան յաղթական >>: Մէկ աչքիս տակը ուռած էր ու կզակս կը ցաւէր ստացած բռունցքներէս: Աչքերս արցունքոտած էին ու կերած ծեծիս պատճառաւ ամօթխածութիւն կը զգայի:
Չէի հասկցած թէ ինչ էր եղածը: Չէի կրնար ըմբռնել թէ ինչու համար երկու հայեր զիրար կը ծեծէին մէկը Պարսկաստանի իսկ միւսը Թուրքիոյ անունով:Ո՞վ էր հոս յաղթական եւ ո՞վ յաղթուած:

Երկու օր վերջ նոյն բեմադրութիւնը կրկնուեցաւ եւ ես դարձեալ ծեծը կերայ:Թուրքիան դարձեալ պարտուած էր Պարսկաստանի դիմաց:Տասնըմէկ տարեկան հասակիս բռնիօրէն ինծի հագցուցած էին թրքական կռփամարտի ազգային խումբի տարազը:

Յաջորդ քանի մը օրերը զգոյշ վարուեցայ որպէսզի անոնց հետ դէմ դիմաց չգամ բայց ո՞րքան ժամանակ կարելի էր պահուըտիլ գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ եւ իսկոյն ի վերջոյ օր մը օձիքս ձեռք տուի ու դարձեալ գացինք դպրոցին աւերակ շէնքը ուր <<Պարսիկ կռփամարտիկ>>ը զիս կը սպասէր:Այս ժամանակամիջոցին քանի մը շաբաթ անցած ըլլալով վարժուած էի վարժարանի մթնոլորտին եւ այլեւս օտարութիւն չէի զգար :Երկու անգամ կերած ծեծս ալ ինծի վստահութիւն մը տուած էր ու այլեւս ծեծ ուտելէ չէի վախնար որովհետեւ վարժուած էի ու անգամ մը եւս ծեծ ուտելը ինծի ոչ մէկ ամօթխածութիւն պիտի չպատճառէր այլեւս:Այլ խօսքով կորսնցնելիք ոչինչ ունէի:

Դատաւորը նշանը տուաւ ու կռփամարտը սկսաւ:Վճռական պահը հասած էր, կամ այսպէս երկու օրը մէկ ծեծը պիտի ուտէի, կամ ալ վերջ մը պիտի տայի այս անիմաստ բեմադրութեան:
Մրցակիցս դարձեալ իր բռունցքները սեղմած վրաս եկաւ:Ես ճկուն շարժումով մը քով քաշուեցայ ու ձախէն, աջէն սկսայ բռունցքներս տեղացնել մրցակիցիս երեսին ու մարմնին:Մրցակիցս աւերակ շէնքին թափթփած պատուհանին մէջ ինկաւ իսկ ես կը շարունակէի տեղացնել բռունցքներս: Ի վերջոյ դատաւորը միջամտեց ու մեզ քով քովի բերելով այդ օրուայ յաղթողը հռչակեց :

<<Հաւասարութիւն >>:

-Ծօ' ,ի՞նչ հաւասարութիւն խարդախ դատաւոր, նախորդ երկու մրցումին կերած ծեծիս կրկնապատիկը նետեցի տղուն ելեր եւ հաւասարութիւն կըսես:

Կը մտածէի ինքս ինծի:

Անարդարութիւն մը եղած էր ինծի դէմ բայց հոգ չէր,որովհետեւ այդ օրուընէ վերջ այլեւս մեզ իրարու դէմ չի հանեցին կռփամարտելու համար եւ իմ կռփամարտիկի ասպարէզս այդ օր վերջացած եղաւ:
Այդ պարսկահայ տղան որ այդ օր իմ մրցակիցս եղած էր, որ շատախօս ըլլալուն պատճառաւ մենք զինք <<ճպուռ>> կը կոչէինք վերջէն իմ դասարանակիցս եւ ամենամտերիմ ընկերներէս մէկը եղաւ:




Դպրոցի մէջ պարսկահայերու եւ պոլսահայերու միջեւ կը տիրէր հակառակութիւն մը բայց ես իմ բոլոր աշակերտութեանս շրջանի տեւողութեան միշտ դէմ եղած եմ այս անիմաստ հակառակութեան:Մօտէն հետաքրքրուած եւ սորուած եմ պարսկահայերէն բարբառը, սորուած եմ նաեւ քիչ մըն ալ պարսկերէն այդպէս որ երբ պարսկահայ ծնող մը այցելէր մեր վարժարանը ինծի հետ խօսած ժամանակ զիս ալ պարսկահայ կը կարծէր ու կը հարցնէր թէ ես որոնցմէ եմ ու ով է իմ ընտանիքս:Քանի քանի անգամներ ինձմէ տարիքով մեծ պոլսահայ աշակերտներ զիս անկիւն մը քաշելով երբեմն խորհուրդ տալով, երբեմն ալ սպառնալով ազդարարած են որ պարսկահայերէն չի խօսիմ ու իրենց հետ շատ շփման մէջ չի մտնեմ ստիպելով զիս որ որոշեմ իմ կողմս թէ իրենցմէ եմ թէ պարսկահայերէ:Սակայն ես շատոնց որոշած էի իմ կողմս որն էր <<Հայ>> ու կողմը առանց կարեւորութիւն տալու իմ ընկերներուս որ երկիրներուն հայրենակիցները ըլլալնուն:
Պոլսահայերու եւ պարսկահայերու մէջ տիրող այդ հակամարտութիւնը սակայն կը մոռցուէր երբ մեզմէ ոմանք կռիւի կը բռնուէին իտալացի տղոց հետ:Ահաւասիկ, այն ժամանակ ամէն հակամարտութիւն մէկդի կը դրուէր եւ մենք բոլորս միասին մէկ բռունցք կըլլայինք մեր ընկերներէն մէկուն վնաս պատճառող իտալացի սրիկաներու դէմ:Քանի քանի անգամներ վարժարանիս աշակերտները պոլսահայ, պարսկահայ,սուրիահայ,լիբանանահայ ,գերմանահայ եւ այլ ուրիշ երկիրներու հպատակ հայ տղաք բոլորս միասին կռիւի բռնուած ենք իտալացիներու դէմ:

Այն տարիներուն բոլորս ալ ճահել երիտասարդներ էինք,բայց տարիներու ընթացքին աւելի հասունցանք:Այլեւս այդ հակամարտութիւնն ալ չէ մնաց պոլսահայերու եւ պարսկահայերու մէջ:Հիմա իմ Մուրատ Ռափայէլեանի ընկերներուս մեծամասնութիւնը կապրին սփիւռքի մէջ մասնաւորապէս Ամերիկա, Քանատա եւ իտալիա ու բոլորն ալ իրարու հետ եղբայրական յարաբերութիւններ ունին:Ճիշտն ալ այսպէս ըլլալն է արդէն:


Հիմա կը հասկնամ թէ որքան ճիշտ որոշում մը տուեր եմ իմ այդ փոքր հասակիս :Եթէ այդ տարիներուն սորուած չըլլայի արեւելահայերէն բարբառը, հիմա պիտի չկարենայի կարդալ մեր արեւելահայ գրողներուն գիրքերը,հայաստան հրատարակուած թերթերը,հայաստանի հեռատեսիլի կայանները եւ մանաւանդ պիտի չկարենայի կարդալ Րաֆֆիի ու Կոստան Զարեանի գլուխգործոց վէպերը :

Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը միայն պարզ վարժարան մը չէր ուր աշակերտը կը ստանար իր միջնակարգի ու լիկէոնի ուսումը, այլ բառին բուն իմաստովը << կեանքի դպրոց >> մըն էր ուր աշակերտը բոլոր տեսանկիւններէ կը պատրաստէր կեանքին:

Երանելի՜ օրեր:

Ինչ մեղք որ այդ վարժարանը որ ժամանակին հայ ազգին ամենակարեւոր մշակութային կենդրոններէն մէկը եղած է, հիմա իր դռները փակած է ուսուցման:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս 5 Դեկտեմբեր 2011

15 Sep 2011

Երախտապարտութեան Արցունքները


Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր:Ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:

Մարդը իր տան պատուհանէն դուրս կը նայէր ու կը մտահոգուէր որովհետեւ այս տարի շատ փայտ չէր կրցած ծախու առնել:Կնոջը դարձաւ մտահոգուած ոճով մը ու ըսաւ .

-Այդպէս կ 'երեւայ թէ այս տարի ձմեռը անցեալ տարուանէ աւելի սաստիկ պիտի անցնի եւ փայտերնիս ալ քիչ է, մեզի համար ողբերգութիւն մը կ 'ըլլայ եթէ ձմեռուայ կէսին առանց փայտի մնանք:

Կինը չի մտահոգուած ձեւացնելով պատասխանեց իր ամուսինին:

-Հոգ չէ, հոգ մի ընէր, երկու հոգի ենք, ոչ զաւակ կայ ոչ պառաւ մայր հայր, մենք ալ ձեւով մը կ 'անցնենք ձմեռը :Արդէն ի՞նչ է որ Պոլսոյ ձմեռը , կը տեսնես քանի մը օրէն օդը դարձեալ կը մեղմանայ:

Մարդը չի պատասխանեց իր կնոջը:Գիտէր թէ կինը զինք քաջալերելու համար էր որ այդպէս կը խօսէր:Կը ճանչնար այլեւս իր կնոջը բնաւորութիւնը:Միշտ այսպէս կ 'ըլլար, երբ ինք յուսահատ ու անտրամադիր վիճակի մը մէջ ըլլար կինը անմիջապէս քաջալերական խօսքով մը ամուսնոյն տրամադրութիւնը շտկել կը ջանար :Երեսուն երկու տարի է որ ամուսնացած էին: Սկիզբը երջանիկ ամուսնութիւն մըն էր իրենցը : Պոլսոյ Եշիլգիւղ թաղի բնակիչն էին երկուքն ալ ու զիրար թաղէն ճանչցած ու սիրահարուելով ամուսնացած էին: Ամուսինը շատ վարպետ ոսկերիչ մըն էր որ պարկեշտ ըլլալուն համար շատ կը յարգուէր շուկային մէջ :

Տարի մը վերջ իրենց երջանկութիւնը կրկնապատկուած էր երբ բախտաւորուած էին մանչ զաւակով մը :Բարեկեցիկ ու երջանիկ ընտանիք մըն էին որ շատ բան չէին սպասէր կեանքէն ու միշտ փառք կու տային Աստուծոյ, իրենց պարգեւած կեանքին համար: Բայց իրենց այս երջանկութիւնը երկար չէր տեւած:Իրենց զաւակը օր մը յանկարծ անհանգստացած էր:Անմիջապէս զինք տարած էին հիւանդանոց ու բժիշկները իրենց քննութիւնը աւարտելէ վերջ, ըսած էին որ իրենց զաւակը ի ծնէ սրտի անբաւարարութիւն ունէր:Ամէն ինչ ըրած էին կարենալ բուժելու համար իրենց զաւակը:Քաղաքին ամենալաւ ու համբաւաւոր բժիշկներուն տարած էին , բայց խեղճ տղուն սիրտը հազիւ մէկ տարի եւս կրցած էր դիմանալ հիւանդութեան: Երջանիկ ու քիչէն գոհացող ընտանիք մըն էին, բայց այս քիչն ալ շատ տեսնուած էր իրենց ու իրենց մէկ հատիկ զաւակը մահացած էր իր ինը տարեկան հասակին մէջ:

Այդ օրուընէ վերջ իրենց կեանքն ալ փոխուեցած էր :Ծանր յուզմունքը պատճառ եղած էր որ մարդը շաքարախտէ վարակուի, որը պատճառ եղած էր որ իր աչքերը իրենց սրութիւնը կորսնցնէ ու այլեւս չի կարենայ իր ոսկերիչի ասպարէզը շարունակել : Շուկայէն զինք ճանչցող իր հին բարեկամները, որոնք շատ կը սիրէին ու կը յարգէին զինք իրէն առաջարկած էին գործ տալ իրենց խանութին մէջ իբրեւ վաճառորդ: Ճիշտ էր որ իր աչքերը ոսկերչութիւն ընելու համար պէտք եղած սրութիւնը չունէին այլեւս, բայց փորձառու ու շատ վստահելի ոսկերիչ մը ըլլալով կրնար ոսկերիչի խանութի մը մէջ աշխատիլ իբրեւ վաճառորդ:Բայց ինք մերժած իր բարեկամներուն առաջարկը որովհետեւ սիրտ չունէր այլեւս մարդոց հետ խօսելու, սակարկութիւն ընելու ու ինչ ինչ խորամանկութիւններ ընելով իր ձեռքի գոհարեղէնը յաճախորդներուն ծախել աշխատելու: Կօշիկ ներկելու տուփերէն հատ մը առած , անկիւն մը քաշուած ու առանց մարդոց հետ խօսելու , լռութեան մէջ իր վիշտը ապրելով ու արցունքները իր մէջ վազեցնելով անցորդներուն կօշիկները կը ներկէր :

Մարդը մտածումներու մէջ թաղուած դեր պատուհանէն դուրս կը դիտէր երբ իր կինը ձայնեց ըսելով որ ընթրիքը պատրաստ է:
Հազիւ թէ այր եւ կին նստած էին սեղանին շուրջ, մէջը հաց փշրուած աման մը ապուր խմելու համար որ փողոցի դուռը զարնուեցաւ :Մարդը իր կնոջը նայեցաւ զարմանքով եւ ըսաւ:

-Խեր է , ո՞վ կրնայ ըլլալ այս ժամուն:

Ելաւ աթոռէն ու սանդուխներէն վար իջնելով դուռը բանալու գնաց :Երբ բացաւ դուռը, տեսաւ որ դուրսը տեղացող ձիւնին տակ ցնցոտիներու մէջ հազիւ ինը, տասը տարեկան փոքրիկ տղայ մը կեցած լալագին արտայայտութիւն մը իր դէմքին իրէն կը նայէր:Տղեկը իր ցնցոտիներու մէջ ու պատռտած կօշիկները իր ոտքին յայտնի էր որ կը մսէր ու դողդողուն ձայնով մը ըսաւ:

-Հօբար , անօթի եմ մեռածներուդ հոգւոյն սիրուն պատառ մը հաց տուր:

Մարդը շշմած մնացած էր բայց իր կինը որ սանդուխին վերի ծայրը կանգնած ներկայ գտնուած էր եղածին անմիջապէս ձայնեց վերէն:

-Եկուր տղաս, վեր եկուր աման մը ապուր խմէ որ տաքնաս:

Տղան մարդուն քովէն սահելով, կայծակի արագութեամբ սանդուխներէն վեր վազեց ու կնոջ իրէն ցոյց տուած աթոռին վրայ նստելով, մեծ ախորժակով սկսաւ լափել մէջը հաց փշրուած տաք ապուրը: Օրերէ ի վեր բերանը կտոր մը չոր հացէ զատ բան մը չէր դրած ու անօթի էր: Երկուքին ալ բնաւ հոգը չէր որ տղեկը բոլոր ապուրը խմած ու իրենց ճաշելու համար ոչինչ ձգած էր: Երկուքն ալ մեծ հաճոյքով կը դիտէին շնչասպառ վիճակի մէջ իրենց ապուրը խմող տղան: Տղեկը երբեմն գողտի նայուածք մը կը նետէր սեղանին վրայ որպէսզի տեսնէ թէ ուրիշ ուտելիք բան մը կար թէ ոչ :Կինը ի զուր տեղ քանի մը անգամ հարցուցած էր տղուն անունը եւ ուրկէ գալը բայց խեղճ անօթի տղուն բերանը այդ պահուն բացի ուտելէ ուրիշ բանով չէր կրնար ժամավաճառ ըլլալ :
Տղան երբ տեսաւ թէ ապուրը վերջացած էր ու այլեւս բան մը չկար ուտելու, ձեռքին հակառակովը բերանը սրբեց ու ոտքի ելլելով ըսաւ:

-Շնորհակալութիւն մօրքուր, Աստուած տեղը լեցնէ:

Ու դէպի դուռ ուղղուեցաւ որպէսզի երթայ:Կինը ճամբան կտրելով պաղատագին ձայնով մը ըսաւ:

-Տղաս, ու՞ր կերթաս այս ժամուն, այս ցուրտին :Տուն, տեղ ունի՞ս մնալու:

Տղան գլուխը առջեւ ծրելով չի պատասխանեց:Յայտնի էր որ մնալիք ոչ տուն մը ունէր ոչ ալ պատսպարան մը:

-Տղաս, այս ցուրտին դուրս մի ելլեր, գիշերը հոս մնացիր, վաղն ալ Աստուած ճամբայ մը կը ցուցնէ: Ըսաւ կինը ու շարունակեց:

-Դուն հիմա հոս նստէ ես ջուր տաքցնեմ եւ քեզի սանկ լաւ մը լուամ, յետոյ գետինը անկողին մը կը բանամ, մաքուր սաւաններ կը փռեմ ու գիշերը լաւ քուն մը կը քաշես:

Կինը եւ իր ամուսինը ներս գացին որպէսզի փայտ վարէն ու ջուրը տաքցնեն:Գործերնին վերջացնելէ վերջ երբ սենեակ մտան, տեսան որ տղան կօշիկները հանէր,բազկաթոռին վրայ լաւ մը պլլուէր կը քնանայ:Օրուան յոգնութեան, ձմեռուան ցուրտին եւ անօթութեան վարժ եղող տղան, տաքը տեսնելէ, փորը կշտացնելէ, ու քնանալու համար ապահով վայր մը գտած ըլլալէ վերջ, լաւ մը թուլցած ու չէր կրցած դիմադրել քունին իր աչքերուն կոպերուն վրայ գործած ճնշումին ու յանձնուած էր խոր քունին: Այր եւ կին իրար նայեցան ու ժպտեցան յուզումնալից :Կինը ներսէն վերմակ մը բերաւ ու տղուն վրայ ծածկեց, մարդն ալ քանի մը հատ փայտ ներեց վառարանին մէջ որպէսզի սենեակը աւելի տաքնայ:

Երբ այր եւ կին պառկելու գացին, պահ մը աչք աչքի եկան:Առանց իրարու բան մը ըսելու գիտէին որ երկուքն ալ նոյն բանը կը մտածէին այդ պահուն: Ներսի տղեկը ո՞րքան ալ կը նմանէր իրենց Վարդանիկին: Ուրախ զգացում մը կար իրենց մէջ:Յոյս մը դերեւս:Այդ խեղճ տղեկը, հակառակ որ օտար մըն էր, մեծ պարապութիւն մը լեցուցած էր իրենց մէջ:

Յաջորդ առաւօտ այր եւ կին աւելի կանուխ ու շատ աւելի եռանդոտ արթնցան: Իրենց մէջ տարօրինակ յուզում մը, կեանքի հանդէպ սէր մը կար այդ օր: Կինը նախաճաշի համար բաներ մը պիտի պատրաստէր ու մարդն ալ վառարան փայտ պիտի նետէր, որպէսզի սենեակը տաքնար:Ընդհանրապէս այդ ժամուն չէին վառէր վառարանը որպէսզի փայտերը խնայէն,բայց այդ օր յատուկ օր մըն էր իրենց համար:Այր եւ կին կամաց մը մտան սենեակ որպէսզի տղեկը չարթնցնեն բայց սենեակը պարապ,տղեկը մեկնած էր:Մարդը տունէն դուրս ելլելով մինչեւ փողոցի անկիւնը վազեց որպէսզի եթէ տղան նոր մեկնած ու դեր փողոցը գտնուած ըլլար զինք ետ բերէր որ գոնէ երթալէ առաջ փորը կշտացնէր, բայց տղան շատոնց մեկնած էր ու մարդը գլխիկոր տուն վերադարձաւ:

-Հոգ մի ընէր,գիշերը երբ փորը անօթենայ ու պառկելու համար տաք տեղի մը կարօտը զգայ նորէն կը վերադառնայ: Ըսաւ կինը, բայց տղան չի վերադարձաւ:

Ոչ այդ օր, ոչ ալ ուրիշ օր , տղան այլեւս չի վերադարձաւ:

Տարիներ անցան այդ դէպքին վրայէն:Մարդը մահացաւ ու կինը առանձին մնաց իր տառապանքին ու ճակատագրին հետ:Կինը այլեւ ոչ մէկ հասոյթ ունէր ու կարօտ էր իր դրացիներուն օգնութեան:Տան օճախը բոլորովին մարած էր այլեւս:Ոչ հաց ունէր ուտելիք ոչ ալ փայտ ունէր վառելիք:Իր դրացիները ամէն օր իրենց համար եփած ճաշէն կը տանէին իրէն,իսկ եթէ պատահէր որ օր մը չի տանէին այդ օր ոչինչ կուտէր կինը:Արդէն ուտելու կարիքն ալ չէր զգար:Նիհարցած ու ծերացած էր եւ կը նստէր միշտ պատուհանին առջեւ դիտելով հեռուները կարծէք թէ գալիք մէկը կը սպասէր:Երբ դրացիները իրէն կը հարցնէին թէ ինչու համար միշտ հոն նստած պատուհանէն դուրս կը նայի, անոնց կը պատասխանէր ըսելով<< կը սպասեմ>> :Ամէնքն ալ գիտէին թէ խեղճ կինը կեանքին մէջ ոչ ոք ունէր սպասելիք :

Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր դարձեալ ու ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:

Արեւը քանի մը ժամ առաջ մարը մտած, օդը աւելի պաղած,փողոցները մարդ չէր մնացած:Ժողովուրդը տուն,իրենց ընտանիքին քով վերադարձած,միասին ընդրած ու տաք վառարաններու շուրջ հաւաքուած էին: Կինը պատուհանին առջեւ նստած դուրս կը դիտէր:

Հեռուէն,մութին մէջէն արդիական ու շքեղ կառք մը երեւցաւ որուն անիւները գետինը ծածկած ձիւնին վրայ սեւ ու երկար հետք մը ձգելով դանդաղօրէն եկան ու կեցան տան դռան առջեւ:Կառքէն երկայնահասակ ու բարաւոր երիտասարդ այր մարդ մը իջաւ եւ տարիքոտ կնոջ տան դռան դիմացը կենալով դուռը զարկաւ ու սպասել սկսաւ:Տարիքոտ կինը դանդաղօրէն սկսաւ սանդուխներէն վար իջնել բայց մարդը բնաւ չէր աճապարէր:Կնոջ դրացիները, որոնք այդ պահուն իրենց տան պատուհաններէն մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին դէպքը առաջի անգամն էր որ կը տեսնէին այդ մարդը, բայց կարծէք թէ մարդը շատ ալ օտար չէր այդ տան ու մէջ բնակողներուն քանի որ միայն մէկ անգամ զարկաւ տան դուռը ու սկսաւ երկար սպասել առանց երկրորդ անգամ մը զարնելու:Կերեւի թէ մարդը գիտէր որ տան մէջ տարիքոտ կին մը կայ ու չի կրնար աճապարել:

Ի վերջոյ կինը դուռը բացաւ ու արցունքոտ աչքերով նայեցաւ մարդուն երեսն ի վեր:Ծեր կնոջ շրթները կը դողդղային , բան մը ըսել կուզէր բայց այդչափ յուզուած էր որ չէր կրնար խօսիլ:Մարդը եղաւ առաջին խօսողը ու ըսաւ:

- Քեզ իմ տունս տանելու եկայ մայրիկ,ասկէ վերջ ինծի հետ միասին իմ տանս մէջ պիտի ապրիս:

Կինը, առանց պատասխանելու հնազանդեցաւ իրէն ու միասին սկսան դանդաղօրէն սանդուխներէն վեր ելլել:Երբ հասան վերջի սանդուխը պառաւ կինը շնչասպառ նստեցաւ բազկաթոռին վրայ ու մարդը գնաց որ կնոջ ունեցած հազիւ քանի մը կտոր անձնական ապրանքը հաւաքէ:Մարդը իր գործը վերջացնելէ վերջ երբ վերադարձաւ սենեակ տեսաւ որ խեղճ կինը յոգնութենէ տարուած քնացեր էր բազկաթոռին վրայ:Հոն ուր տարիներ առաջ երբ ինք հազիւ ինը տարեկան տղեկ մըն էր, ձմեռուան ցուրտ օր մը եկած էր այդ տունը եւ փորը կշտացնելէ վերջ յոգնութենէ ինկած ու գնացած էր: Մարդը չուզեց կինը արթնցնել ու անհանգիստ ընել այդ ժամուն, քանի որ ան խոր գունի մէջ էր արդէն եւ ներսէն վերմակ մը բերելով դրաւ կնոջ վրայ: Ինքն ալ ուրիշ վերմակ մը իր վրան առնելով երկնցաւ ուրիշ բազկաթոռի մը վրայ:

Տարիներ առաջ երբ ձմեռուան ցուրտ օր մը, մսած ու անօթի այդ տունը այցելած էր բնաւ չէր մտածած թէ այդ տան մէջ իրէն ցոյց տրուած գուրգուրանքը իր ճակատագրին փոխուելուն պատճառ պիտի ըլլար:Մինչեւ այդ օր իր կեանքին մէջ իր քով երբեք չէր զգացած մօր մը կամ հօր մը գոյութիւնը ու ապրած էր փողոցները,փլատակներու մէջ ստորադասուած բոլորէն:Ապրած էր անասունի մը նման փողոցները թափառելով, իր մէջ ունենալով միայն իր առօրեայ հացը ապահովելու բնազդային զգացումը:Ընդհանրապէս մուրալով կամ աղբամանները խառնելով,երբեմն ալ գողնալով հետեւաբար հալածուելով ժողովուրդի կողմէ:Այդ օր, այդ տան մէջ իրէն ցոյց տրուած ընտանեկան գուրգուրանքը առաջին անգամ ըլլալով իրէն զգացուցած էր որ ինքն ալ մարդու զաւակ մըն է ու առաջին անգամ ըլլալով իր մէջ զգացած էր ամօթի զգացումը:Այդ օր, այդ տաք տան մէջ,փորը կուշտ ու ապահով տանիքի մը տակ մինչեւ առաւօտ առիթը ունեցած էր մտածելու իր մասին, իր կեանքի ու իր ապագայի մասին եւ առաջին անգամ ըլլալով զգացած էր իր մէջ իր բոլոր կեանքը այսպէս փողոցները թափառելով անցնելու դատապարտուած մնալու վախը ու առաջին անգամ ըլլալով ինքն իրէն ուղղած էր սա հարցումը . <<ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ վերջս >>:

Այդ եղած էր պատճառը որ յաջորդ առաւօտ կանուխէն, առանց տունիններուն արթննալուն սպասելու ,առանց իր փորը կշտացնելու մասին մտահոգուելու, փախած ու հեռացած էր տունէն որովհետեւ ամչցած էր այդ ցնցոտիներու մէջ օր մը առաջուան պէս ներկայանալու ու գուրգուրանք մուրալու տունիններէն որովհետեւ ան մտայնութեամբ օր մը առաջուան թշուառ էակը չէր այլեւս:

Բնականօրէն իր այդ վիճակին շատ դժուար եղած էր գործ մը գտնելը:Սկիզբը ոչ ոք վստահած էր ցնցոտիներու մէջ գտնուող այդ փողոցային տղուն, բայց զօրաւոր հաստատակամութեան զգացում մը արթնցած էր այլեւս իր մէջ ու վճռած էր ազատելու այդ կեանքէն:Ի վերջոյ գործ մը գտած ու սեղմօրէն փաթթուած էր այդ գործին:Յետոյ աւելի լաւ գործեր ըրած, հետզհետէ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ ստանձնած ու ի վերջոյ հիմնած էր իր սեփական գործը ու հիմա եկած էր իր խղճի պարտքը վճարելու անոր որ տարիներ առաջ պատճառ եղած էր որ իր կեանքը փոխէ:

Յաջորդ առաւօտ մարդը կանուխէն արթնցաւ, ծեր կինը դեր կը քնանար : Կնոջ քով գրած ու ձայնեց :

-Մայրիկ արթնցիր, քեզ իմ տունս պիտի տանիմ:Ասկէ վերջ դուն միշտ հանգիստ պիտի ընես :Քեզ իմ մօրս պէս պիտի խնամեմ :

Կինը խոր գունի մէջ էր ու չէր լսած տղուն խօսքերը:Տղան անգամ մը եւս ձայնեց կնոջ ու ուսէն թեթեւ մը շարժեց բայց կինը չէր արթննար:Մարդը այս անգամ կնոջ ձեռքը բռնեց ու զայն վերցնելով արթնցնել փորձեց:Երբ կնոջ ձեռքը իր ձեռքին մէջ առաւ անդրադարձաւ որ ձեռքը տարօրինակ օրէն պաղ էր:Մարդը նայեցաւ կնոջ ճերմակ դէմքին,կիսաբաց աչքերուն եւ գունատ շրթներուն:Կնոջ պաղ ձեռքը շրթներուն տարաւ ու համբուրեց:

Երախտապարտութեան քանի մը կաթիլ արցունք տղուն աչքերէն սահելով ինկան ու թրջեցին կնոջ անկենդան ձեռքը :


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 12 Սեպտեմբեր 2011




9 Sep 2011

Հաճելի արձակուրդի մը անդրադարձուցածները





Պայծառ ու գեղեցիկ Կիրակի մըն էր:Կանուխէն ընտանեօք մեր տան մերձակայ լողափը գացած ու տեղաւորուած էինք հարմար դիրքի մը վրայ գտնուող ծովի աթոռներուն վրայ:Ես անմիջապէս ծով նետուեցայ ու քիչ մը լողալէ ու զովանալէ վերջ ելայ, չորցուեցայ ու սպասեակին սուրճ մը ապսպրելով եկայ եւ տեղաւորուեցայ աթոռիս վրայ:Պայուսակէս գիրքս ու ծխատուփէս փուրօս հանեցի:Քիչ վերջ սպասեակը սուրճս բերաւ ու դրաւ իմ քովի սեղանին վրայ: Կը գտնուէի երկնցած կաս կապոյտ երկինքի մը տակ ուր մէկ ամպի բիծն անգամ գոյութիւն չունէր:Ոտքերուս տակ կապոյտ ու հանդարտ ծով մը, ուրկէ մաքուր իօտի հոտ մը կու գար ռունգերուս : Մէկ ձեռքս սուրճս միւսը փուրօս ,ծունկերուս վրայ գիրքս :Կա՞ր արդեօք ասկէ աւելի մեծ երջանկութիւն մը :Փուրօս վարեցի,ումպ մը սուրճէս, շունչ մըն ալ փուրօէս արի, յետոյ << օ՜խ >> մը ըսի ու փառք տալով Աստուծոյ մեզ պարգեւած այս օրուայ համար, գիրքս բացի ու կարդալ սկսայ:

Հազիւ տող մը կարդացած էի, որ միտքս վերջերս հեռատեսիլի կայաններու վրայ Ափրիկէի մասին սփռուած լուրերը եւ լուսապատկերները եկան:Լուրերը կը խօսէին մեծ ողբերգութեան մը մասին որ կապրուէր Ափրիկէի մէջ : Ըստ Ունիսէֆ հաստատութեան կայքէջի վրայ հրատարակուած մէկ տեղեկութեան, Ափրիկէի մէջ սովի ու զանազան հիւանդութիւններու պատճառով տարին 5 միլիոն երախայ կը մահանար:Տարին 5 միլիոն երախայի մահը կը համապատասխանէր ժամը 571 երախայի մահի: Իսկ ամէն վայրկեան մէկ կին կը մահանայ ծննդաբերութեան ժամանակ:Այսինքն այդ հինգ, վեց ժամուան մէջ որ ես ծովափը գեղեցիկ երկինքին տակ երկնցած երբեմն սուրճս խմելով, երբեմն փուրօէս շունչ մը քաշելով, ցերեկին համեղ ճաշ մը ուտելով, հետը գարէջուր մը խմելով ու քէֆ ընելով պիտի անցնէի, Աշխարհիս ուրիշ մէկ վայրին մէջ սովէ ու ծարաւէ պիտի մահանային երեք հազարէ աւելի երախաներ ու չորս հարիւրի մօտ կիներ : Մարմինս փշաքարեցաւ, տաքութիւն մը զգացի որ կը բարձրանար դէպի գլուխս: Ասիկա աննկարագրելի աստիճանի սարսափազդու կացութիւն մըն էր որ մտածելը նոյնիսկ սարսափ կը պատճառէր մարդուս: Ինչու ՞ համար այսքան անարդար է աշխարհ:Ինչու ՞ համար կեանքը քիչ թէ շատ նոյն արդարութեամբ չի վարուիր ամէնուս հետ:Ինչու ՞ համար մինչ աշխարհիս մէկ կողմը մարդիկ կապրին բարեկեցութեան մէջ, միւս կողմը ուրիշներ կապրին սարսափելի ողբերգութիւն մը:Ճիշտ է որ ապրուած այս ողբերգութեան պատասխանատուն ոչ ես էի ոչ ալ այդ պահուն այդ ծովափի վրայ գտնուող ժողովուրդը այլ պատասխանատուները այն երկիրներն էին որոնք դարերու տեւողութեան Ափրիկէի մէջ մշակած էին գաղութատիրական քաղաքականութիւն մը որոնք առանց այդ երկիրներու բնիկ ժողովուրդին քաղաքակրթութիւն եւ ուսում տանելու ,առանց անոնց ժամանակակից ու արդիական աշխարհի արուեստագիտութիւնը ուսուցանելու, օգտագործելով անոնց տգիտութենէ այդ երկրին ժողովուրդը իրենց շահին ու հանգիստին համար դարերու տեւողութեան ստրուկի վերածած էին ու օգտագործուած էին իրենց մարդուժէն : Ընտանիքները կործանած, զաւակը իր մօրմէն,կինը իր ամուսինէն բաժնած ու զանոնք անասունի մը նման ծախած էին արեւմտեան երկիրներու մէջ որպէսզի իրենց << քաղաքակրթեալ >> ժողովուրդին մարդուժի կարիքը գոհացնեն:

Միաժամանակ անոնց երկրին պատկանող հարուստ բնական հանքերը դարերու տեւողութեամբ շահագործելով սպառած ու զանոնք աղքատութեան ,սովի ու ծարաւի մատնած էին, եւ նոյնիսկ այսօր ալ զանազան քաղաքական խորամանկութիւններ ի գործ դնելով կը շարունակեն այդ խեղճ ժողովուրդին արիւնը ծծել ու զանոնք մահի դատապարտել:Ահաւասիկ հիմա այդ ստրուկներու թոռներն են որոնք կը կազմէն Ամերիկայի ու Եւրոպական շատ մը երկիրներու մէջ ապրող սեւամորթ բնակչութիւնը որոնք ցարդ ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան թիրախը կը դառնան արեւմտեան << քաղաքակրթեալ>> երկիրներու մէջ: Արեւմտեան երկիրները, << քաղաքակրթեալ երկիրներ>> կոչուելով հանդերձ անոնց մէջ դեր կը տիրէ այն նախնական ու վայրենի օրէնքի մտայնութիւնը որն է << զօրաւորը կը ոչնչացնէ տկարը >>:

Համացանցի վրայ հրատարակուած վիճակագրութիւններու համաձայն, ամէն տարի ԱՄՆ նուազագոյն հինգ հարիւր միլիառ տոլար կը տրամադրէ սպառազինութեան համար:Եթէ մտածելու ըլլանք որ այս գումարը աշխարհիս միւս երկիրներուն սպառազինութեան համար տրամադրած դրամին քառասուն տոկոսն է, կրնանք հասկնալ թէ աշխարհիս վրայ որքան մեծ գումար մը կը տրամադրուի զէնք արտադրելու, աւելի լաւ կարենալ մարդ սպաննելու համար մինչդեռ այս գումարին շատ աւելի պակասովը, անհրաժեշտ ներդրումներ ընելով կարելի է սովէ,երաշտէ ու հիւանդութիւններէ տառապող երկիրներուն ճակատագիրը փոխել : Կանխել միլիոններով երախաներու մահը: Որքան ստորին մտայնութիւն մըն է այն մտայնութիւնը որ կը մղէ երկրի մը ղեկավարները, մահի մատնել ուրիշ երկրի մը ժողովուրդը որպէսզի իր ժողովուրդը բարօրութեան մէջ ապրի:

Կրնաք ըսել թէ հիմա ի՞նչ պէտք կայ այդպէս մտածելու ու օրդ փճացնելու:Ձեռքէդ ոչինչ կու գայ,անձամբ ոչինչ կրնաս ընել այդ ժողովուրդին ճակատագիրը փոխելու համար: Բայց այդպէս չէ սիրելի ընթերցող:Ուրիշներու ապրած ողբերգութիւնը տեսնել ,անդրադառնալ ու մասնակցիլ անոնց տառապանքին,բաղդատել մեր ապրած կեանքը անոնցինին հետ կը ծառայէ որպէսզի մենք փառք տանք ու գոհանանք մեզ պարգեւատրուած կեանքին համար,ապա թէ ոչ մարդս ի բնութիւն ագահ է ու միշտ աւելին կուզէ: Երբեք չի գոհանար իր ունեցածով : Միշտ կը հիանանք հարուստներուն ապրած կեանքին վրայ ու կը նախանձինք անոնց ապրած բարօրութիւնը առանց անդրադառնալու որ աշխարհիս մեծամասնութիւնը մեզմէ շատ աւելի վատ պայմաններու նոյնիսկ թշուառութեան մէջ է որ կ’ապրի:

Բարեբախտաբար աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունին նաեւ կազմակերպութիւններ որոնք մեծ ջանք կը թափեն օգնելու համար թշուառութենէ տառապող երկիրներու ժողովուրդին:Ասոնցմէ գլխաւորներէն են աշխարհահռչակ Կարմիր խաչ եւ Ունիսէֆ հաստատութիւնները եւ թուրքիոյ Կարմիր մահիկ հաստատութիւնը որոնք այս վերջի ամիսներուն աւելցուցած են իրենց օժանդակութիւնը այն Ափրիկեան երկիրներուն որոնք կը տառապին սովէ,երաշտէ ու համաճարակէ:

Ամառուայ այս գեղեցիկ օրերուն, որ շատերս զանազան վայրերու մէջ մեր տարեկան արձակուրդը կը վայելենք, կրնանք շատ չնչին գումարով մը օգտակար ըլլալ անոնց, որոնք իրենց բոլոր կեանքի տեւողութեան դատապարտուած պիտի մնան ողբերգութեան մէջ ապրելու ու ողբերգութեան մէջ մահանալու ու թաղուելու չոր հողի տակ :Առանց նոյնիսկ կարենալ երազելու մեր ապրած կեանքին պէս կեանք մը:Հաւատացէք որ մեր նուիրելիք չնչին գումարը շատ մեծ օգուտ մը կրնայ ունենալ այդ ժողովուրդին համար:

Կարելի է աւելի լաւ տեղեկութիւն ստանալ Կարմիր խաչի www.redcross.org
Ունիսէֆ ի www.unicef.org , եւ կամ Կարմիր մահիկի www.kizilay.org.tr կայքէջերէն, կամ պարզապէս կարելի է ձեր բջջային հեռաձայնի միջոցաւ պարապ <<կհծ>> -կարծ հաղորդագրութեան ծառայութիւն – sms մը ղրկել 2868 թիւին որ կարժէ միայն հինգ թրքական լիրա:

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 5 Սեպտեմբեր 2011




23 Aug 2011

Ինչու միշտ հայերէն կը խօսիք ’




<< Մօրեղբայր , դուք ինչու՞ միշտ հայերէն կը խօսիք ‘ >>

Այս եղաւ հարցումը իմ տասնըչորս տարեկան աղջկանս դասընկերոջը, երբ օր մը իր դպրոցին բակին մէջ որ ազգային վարժարան մըն է, ես իմ աղջկանս հետ կը խօսէի հարկաւ թէ հայերէնով : Աւելորդ է ըսել թէ ինծի ուղղած հարցումն ալ թրքերէնով էր այլ ոչ թէ հայերէնով:Ճիշտը ըսած, բնաւ չէի սպասէր այսպէս հարցում մը ,պահ մը վարանեցայ ու մտածեցի թէ արդեօք սխալ բան մը ըրած էի:Արդեօք ճափօներէն խօսած էի սխալմամբ:Ոչ, կարելի չէր այսպէս բան մը քանի որ ոչ ես ճափօներէն գիտէի ոչ ալ իմ դուստրս: Յետոյ մտածեցի թէ կարելի է թէ գովասանքի համար էր որ այս հարցումը ուղղած էր ինծի աղջկանս դասընկերը: :Այսինքն ըսել կուզէր թէ <<ինչ լաւ:Դուք ձեր աղջկան հետ միշտ հայերէն կը խօսիք >>Ոչ, այդ ալ չէր:Ինծի պարզապէս հաշիւ կը հարցներ ու ձեւով մը կըսէր թէ << այս ի՞նչ է: Ըլլալի՞ք բան է ասիկա :Ի՞նչ պէտք կայ միշտ հայերէն խօսելու >> :

Զարմանալին այն էր որ այդ փոքրիկ հայ ուսանողուհին համար, հայ հօր մը իր զաւկին հետ միշտ հայերէն խօսիլը անբնական վիճակ մը կը ներկայացնէր, բայց իր, իր ծնողքին ու ընկերներուն հետ միշտ թրքերէն խօսելը շատ բնական էր իր համար եւ ոչ մէկ անհանգստութիւն կը զգար այդ վիճակէն: Ի զուր տեղ ջանացի բացատրել, թէ ինչու համար ես միշտ հայերէն կը խօսիմ եւ ինչու համար պէտք է որ միշտ հայերէն խօսինք: Յանցանքը իրը չէր հարկաւ թէ, այլ իր ծնողինն էր, որոնք հայերէն գիտնալով հանդերձ չի խօսելու պատճառաւ կորսնցուցած էին հայերէն խօսելու վարժութիւնը, հեռանալով իրենց մայրենի լեզուէն եւ աւելի ցաւալին պատճառ հանդիսանալով որ իրենց նոր սերունդին պատկանող զաւակն ալ զերծ մնայ իր մայրենի լեզուն խօսելու վարժութենէ:

Չեմ գիտէր արդեօք թէ աշխարհիս վրայ կայ մեր ազգին նման ուրիշ ազգ մը, որ մեր չափ անտարբեր ըլլայ իր մայրենիին հանդէպ:Ի՞նչ է մեր լեզուին դերութիւնը որ իր ազգը եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը երթալէն կը հեռանայ իրմէ :Պահ մը ենթադրենք ու ըսենք թէ հայերէնը դժուար լեզու մը ըլլալուն համար կը ծուլանանք զայն գործածելու մէջ : Բայց ասիկա ընդունելի պատճառ մը չէ, քանի որ աշխարհիս վրայ մէկ ու կէս միլիառ հոգիին խօսած չինարէնը շատ աւելի դժուար լեզու մըն է քան հայերէնը: Ինչպէս նաեւ ճափօներէնը,հնդկերէնը:Եթէ ուշադրութիւն ընենք աշխարհիս վրայ ամենաբարձր բնակչութիւնը ունեցող երկիրներուն մայրենի լեզուները հայերէնէն շատ աւելի դժուար լեզուներ են, բայց այդ ազգերը այս պատճառով չեն հեռանար իրենց մայրենիէն:

Հարցը զարգացումի հարց ալ չէ որովհետեւ եթէ տոկոսի զարնելու ըլլանք հայ ազգին զարգացման տոկոսը շատ աւելի բարձր է քան թէ չինաստանինը կամ հնդկաստանինը:Կը մնայ այն պատճառը թէ հայերէնը օգտակար լեզու չենք նկատեր եւ հայերէն սորուելու համար մեր թափելիք ջանքը պարապի աշխատանք ի զուր տեղ վատնուած ժամանակ կը նկատենք :Ինչպէս կըսեն ոմանք<< հայերէնը ի՞նչ բանի կը ծառայէ >> Ուստի հայերէն սորուելու,խօսելու եւ դաստիարակելու համար ալ գլուխ պայթեցնելու հարկ չկայ որովհետեւ կարեւոր լեզու մը չէ եւ աշխարհիս վրայի հայ բնակչութիւնը հազիւ տասը միլիոն է եւ անոնք ալ ցրուած վիճակի մէջ են:

Ահաւասիկ այս ալ ուրիշ սխալ եւ անպատասխանատու մտայնութիւն մը, որ կը ծառայէ միայն ազգը իր լեզուի հանդէպ աւելի ծուլացնելու համար պատրուակ մը ստեղծելու :Լեզուն հաւասար է ինքնութեան : Եթէ լեզուն կորսուելու ըլլայ անոր պատկանող ազգն ալ կը կորսուի, ինքնութիւնն ալ կը ոչնչանայ:Եթէ հայերէն լեզուն անօգուտ կը նկատենք ուրեմն հայութիւնը, հայկական ինքնութիւնն ալ անօգու՞տ է որ պիտի նկատենք ու պիտի ուրանա՞նք մեր ինքնութիւնը:Ո՞րն է չափանիշը որ լեզու մը կ’արժեւորէ իբր օգտակար կամ անօգուտ: Այդ լեզուն խօսողներու թիւ՞ը արդեօք : Եթէ այս պիտի ըլլայ մեր չափանիշը աշխարհիս վրայ կը գտնուին շատ մը լեզուներ որոնք կը խօսուին նուազ բազմութիւն ունեցող ժողովուրդներու կողմէ:Աշխարհիս վրայ կը գտնուին երկիրներ որոնց բնակչութեան թիւը աշխարհիս վրայի հայութենէ աւելի քիչ է:Կրնաք ըսել թէ << այո ' , բայց անոնք կապրին իրենց երկիրին մէջ ուստի շատ աւելի թիւրին է իր երկրին մէջ պահել մայրենի լեզուն քան թէ աշխարհիս վրայ ցրուած վիճակի մէջ >> :Ասոր մէջ ալ տարակոյսներ ունիմ, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար ուրեմն Հայաստանի մէջ հայերէն լեզուն ապահով վիճակի մէջ պէտք էր ըլլար ու այլասերումի ոչ մէկ վտանգի մէջ պիտի չըլլար մեր մայրենին:Բայց դժբախտաբար կացութիւնը մեզ ընդհակառակը կը ցուցնէ:Հայկական հեռատեսիլի կայաններու յայտագիրերու մէջ գործածուած ռուսերէն բառերը օր է օր աւելի շատ տեղ կը գրաւեն: Հիմա կայ նաեւ օտարալեզու վարժարաններուն սպառնալիքը հայերէնի նկատմամբ:

Ըստ իս հարցը գիտակցութեան, պատասխանատուութեան, յարգանքի եւ զոհողութիւն ընելու հարց է:Պէտք է գիտակցութիւնը ունենանք որ մենք հայ ենք եւ մեր մայրենի լեզուն հայերէն է եւ լեզու մըն է որ օր է օր կը կորսուի ու մեզմէ զատ ոչ ոք չի կրնար փրկել զայն: Ի յարգանք մեր պապերուն , մեր պատմութեան,մեր հարուստ մշակոյթին պէտք է որ մենք մեզ պատասխանատու զգանք մեր լեզվի նկատմամբ ու զոհողութիւն ընենք որպէսզի պահպանենք մեր լեզուն:

Վերջին հաշուով մեր տառապալից ազգին մայրենի լեզուն ալ տակաւին կը շարունակէ իր տառապանքին եւ ապագան մեր լեզուին համար խոստումնալից չէ ոչ սփիւռքի ոչ ալ մեր հայրենիքի մէջ:


Օշին Էլակէօզ
Պոլիս - 16 Օգոստոս 2011

16 Aug 2011

Մուրացկանը


Պոլսոյ Նիշանթաշ թաղի վրայ գտնուող գրասենեակիս մէջ նստած էի, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց որ բոլոր գործընկերներս պատուհանէն դուրս կը նայէին եւ բանի մը շուրջ կը զրուցէին: Իմ ալ ուշադրութիւնս գրաւեց ու ես ալ շուտով միացայ անոնց:Երբ նայեցայ պատուհանէն դուրս, տեսայ որ փողոցը դիմացի մայթին վրայ մուրացկան մը իր ծունկերուն վրայ եւ ձեռքերուն օգնութեամբ կը քալէր վեր վար:Մուրացկանը երիտասարդ աղջիկ մըն էր, որ իր կօշիկները անցուցած էր իր ձեռքերուն եւ իր վզին կախած էր աման մը, որուն մէջ կը հաւաքուէր անցորդներուն տուած ողորմութիւնները:
Գործընկերներուս հետ միասին սկսանք դիտել մուրացկանը որ մէկ վեր մէկ վար կը պտտէր ու կը հաւաքէր ողորմութիւնները ու սկսանք մեր մէջ շատախօսել մուրացկանին հաւաքած ողորմութեան մասին :Մեր գործատեղիի գտնուած թաղը , ըլլալով Պոլսոյ ամենահարուստ թաղերէն մէկը, մուրացկանին հաւաքած ողորմութիւններն ալ անոր համեմատ մեծ գումարներ էին,մենք ալ պատուհանէն նայելով մեր տեսածին չափ կը ջանայինք հաշուել թէ որքան գումար մը կը հաւաքէ մուրացկան աղջիկը այդ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ ու կը շատախօսէինք:Կենթադրէինք թէ մուրացկանը ինչպէս գրեթէ բոլոր մուրացկանները, այդպէս կը ձեւացնէ թէ հաշմանդամ է ու կը կարոտի օգնութեան եւ շահագործելով ժողովուրդին բարեկամեցողութիւնը իրենց քսակը կը լեցնէ ու անարդար շահ մը ձեռք կը ձգէ:Բոլորս միասին կը զարմանայինք անցորդներուն խելքի կարողութեան վրայ, որոնք բոլորն ալ աղջկան վիզէն կախուած ամանին մէջ կը ձգէին ոչ թէ մանրուկ դրամներ այլ թուղթէ հինգնոցներ կամ տասնոցներ ու կը կատակէինք ըսելով թէ հիմա ոստիկանները պիտի գան, եւ մուրացկան աղջինը հաշմ ձեւացուցած իր ոտքերուն վրայ պիտի ելլէ եւ վազելով պիտի հեռանայ վայրէն որպէսզի չի ձերբակալուի ոստիկաններէն:

Իրիկուն եղած էր արդէն եւ մենք քիչ վերջ արձակուեցանք գործէն:Կը քալէի դէպի տունս երբ քիչ հերուն տեսայ նոյն մուրացկան աղջիկը, որ տակաւին կը մուրար իր ծունկերուն վրայ եւ ողորմութիւնները կը հաւաքէր իր վիզէն կախուած ամանին մէջ:Քայլերս արագացուցի որպէսզի հասնիմ ու մօտէն տեսնեմ թէ ինչ խորամանկութիւնով մը կը բեմադրէ իր կեղծ ողբերգութիւնը որպէսզի բարեսիրտ ժողովուրդին դրամը առնէ:

Հասայ մուրացկան աղջկան եւ մօտեցայ իր ետեւէն:Քանի կը մօտենայի ալ աւելի կը պարզուէր աչքերուս առջեւ աղջկան իր մէջը գտնուած ողբերգական վիճակը:Խեղճ աղջկան բոլոր ոտքի մատերը ի ծնէ պակաս էին: Երկու կրունկներն ալ մխրճուած էին իր սրունքներուն մէջ, այդպէս որ երբեք կարելիութիւն չկար որ աղջիկը ոտքի ելլէր ու քալէր:Ծունկերուն կապած էր ինքնաշարժի անիւէ կտրուած լաստիքի կտորներ, որպէսզի ծունկերը պահպանէ գետնի քարերէն, բայց տարիներու ընթացքին ծունկերուն վրայ քալելու պատճառաւ աղջկան կոնքերը ծրած էին:Երբ անցայ իր առջեւը եւ իր հետ աչք աչքի եկայ, տեսայ իր զմայլելի կանանչ աչքերը, գեղեցիկ ու թարմ դէմքն ու ոսկեգոյն մազերը: Աղջիկը մանկամարդ գնչու աղջիկ մըն էր: Զղջացի եւ ամօթ զգացի մեր քիչ առաջուայ իր մասին ըրած շատախօսութեան համար, ու գրպանես թուղթէ դրամ մը հանելով ձգեցի աղջկան վիզէն կախուած ամանին մէջ մեղանչանքի զգացողութեամբ, նախընտրելով մաս կազմել քանի մը վայրկեան առաջ իմ յիմար կոչած այդ բարեսիրտ մարդոց խմբակին:
Երբ դրամը դրի իր վիզէն կախուած ամանին մէջ եւ ան ինծի իր երախտապարտութեան խօսքը ուղղեց, հասկցայ թէ խեղճ աղջիկը հաշմանդամ ըլլալէ զատ ուղեղային անհանգստութիւն մըն ալ ունէր: Ամենացաւալին այն էր որ աղջիկը հազիւ քսան տարեկան էր ու դեր շատ երկար տարիներ պարտաւոր էր այդ վիճակի մէջ ապրելու:




Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 15 Օգոստոս 2011

10 Aug 2011

Երեխան միշտ երեխայ է





Գործի բերմամբ Սիրքէճի թաղամասը գացած էի :Երբ կանցնէի արդիական, հսկայ հեռատեսիլներ ծախող խանութի մը առջեւէն, ուշադրութիւնս գրաւեց հազիւ տասը տարեկան տղեկ մը որ խանութին ցուցափեղկին առջեւ կեցած թուղթէ թաշկինակ ,ծամոց ու այլ ապրանքներ կը ծախէր:Փոքրիկ տղան կանգնած իր նման փոքրիկ աշխատասեղանին ետեւը, իր ծախած ապրանքները կը ծանօթացներ փողոցէն անցողներուն պոռալով <<թաշկինա՜կ, ծամո՜ց>>, բայց իր աչքը իր ետեւը գտնուող խանութին ցուցափեղկին մէջ տեղաւորուած արդիական հեռատեսիլներուն վրայ էր:Մանաւանդ մէկ հատին, որուն պաստառին վրայ կը ցուցադրուէր << Շրէք >> կոչուած յայտնի երեխայական շարժանկարը:

Փոքրիկ տղան այդչափ տարուած էր շարժանկարը դիտելէ որ եթէ այդ պահուն մէկը իր առջեւ գտնուող աշխատասեղանը քաշէր ու տանէր պիտի նոյնիսկ չանդրադառնար:

-Երեխան միշտ երեխայ է . մտածեցի : Յայտնի էր որ մէկը , հաւանաբար իր հայրը իր առջեւ դրած էր այդ աշխատասեղանը որպէսզի ան բաներ մը ծախելով հասոյթ բերէր ու օգնական ըլլար տան եկամուտին, բայց ան ի վերջոյ երեխայ մըն էր եւ իր ուսերուն վրայ որքան ալ մեծ պատասխանատուութիւններ բեռնաւորուած ըլլային, իր մէջ կը կրէր երեխայական այդ մաքուր,զուտ ու անպատասխանատու ոգին որ երեխան երեխայ կընէ:Այդ պահուն, այդ տղուն համար աշխարհիս ամենակարեւոր գործը խանութին մէջ ցուցադրուած հեռատեսիլի պաստառին վրայ խաղացող << Շրէք >> կոչուած այդ շարժանկարը դիտելն էր: Թէպէտեւ չէր լսէր հեռատեսիլի ձայնը բայց հեռատեսիլի պաստառի վրայի այդ գոյնզգոյն տեսիլն անգամ բաւական էր այդ պահուն որ տղուն խելքը իր գլխէն առնելով զինք տանէր ուրիշ աշխարհ մը:
Կարելի է իրիկունը իր հայրը զինք պիտի յանդիմանէր տուն բաւական հասոյթ բերած չըլլալուն համար:Ասոր համար կարելի է հօրմէն տփոց մըն ալ պիտի ուտէր, բայց անիկայ այդ պահուն իր <<գործած յանցանքին>> հետեւանքները կարենալ մտածելու տարիքը չունէր: Ան երեխայ մըն էր :

Եթէ եղածը մեր տեսանկիւնէն քննելու ըլլանք, կրնանք դատապարտել այդ անգուդ հայրը որ իր փոքրիկ տղուն ուսերուն բեռնաւորած էր իր հասակէն վեր պատասխանատուութիւն մը:Մինչ մենք մեր զաւակներուն վրայ կը թողանք, զանոնք առանցին չենք փողոց ձգէր վախնալով որ փորձանք մը կրնայ գալ անոնց գլխուն, ան իր հազիւ տասը տարեկան տղան քաղաքիս ամենէն խճողուած թաղերէն մէկուն մէջ, ինքնաշարժներուն եռուզեռին ճիշտ մէջտեղը ու ամէն տեսակ վտանգի հետ դէմ դիմաց առանձին ձգած էր որպէսզի իր օրուան հացը շահէր: Մնաց որ այդ տարիքը ունեցող երեխայ մը խաղալու տարիքի մէջ կը գտնուի այլ ոչ թէ օրուան հացը կամ տան եկամուտը խորհելով մտահոգուելու տարիքի մէջ: Բայց ամէն մարդ չի կրնար կեանքը տեսնել նոյն տեսանկիւնէն, որովհետեւ կեանքին բերած պայմանները նոյնը չէ բոլորիս համար:Արդեօք ի՞նչ ապրուստի մտահոգութիւններ պատճառ եղան որ այդ հայրը իր տասը տարեկան տղան փողոց ղրկէ որպէսզի դրամ շահելով օգտակար ըլլայ տան եկամուտին:

Կրնա ՞ նք արդեօք պահ մը մենք մեզ այդ հօր տեղը դնել ու այդպէս քննարկել կացութիւնը: Կարելի ՞ է արդեօք որ անձ մը ինքզինք ուրիշի մը տեղ դնելով անոր պէս զգայ եւ անոր պէս տրամաբանէ:Կայ գիտութեան մասնաճիւղ մը որ մարդուս կը սորուեցնէ ինքզինքը դիմացինին տեղ դնելով անոր պէս զգալ ու անոր զգացումները ուսումնասիրելով դիմացինը աւելի լաւ հասկնալ, բայց ըստ իս կարելի չէ ասիկա:Ինչպէ ՞ ս կրնանք մենք մեզ յանկարծ ուրիշի մը տեղ դնել ու անոր նման զգալ ու պատճառաբանել առանց ունենալու անոր նոյն կեանքի պայմանները : Առանց ապրած ըլլալու անոր ապրածին պէս մանկութիւն մը,առանց անոր պատկանած մշակոյթին պատկանելու ,առանց անոր նոյն մտահոգութիւնները ունենալու:

Իրիկուն եղած էր արդէն երբ ես այս մտածումներու մէջ տուն վերադարձայ:Տան դուռը իմ դուստրս բացաւ եւ վզիս փաթթուելով դիմաւորեց զիս:Քիչ վերջ ընտանեօք հաւաքուեցանք ճաշասեղանին շուրջ որպէսզի ընթրենք եւ փառք տանք Աստծոյ մեզ այդ գիշեր ալ տուած հացին համար:Երբ հացին առաջին պատառը բերանս կը դնէի մտածեցի դարձեալ այդ փոքրիկ տղուն մասին որ հաւանաբար տակաւին կը գտնուէր նոյն փողոցը իր աշխատասեղանին ետեւ ձայնելով << թաշկինա՜կ, ծամո՜ց >> , ու պիտի մնար հոն մինչեւ որ ուշ ատեն իր հայրը գար եւ զինք տուն տանէր :

Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 10 Օգոստոս 2011

11 Jul 2011

Զ է Ք Ի

Վերջի քանի մը օրէ ի վեր անհանգիստ մթնոլորտ մը կը տիրէր Պոլսոյ մէջ:Ժողովուրդը կը գուշակէր թէ բան մը պիտի պատահէր բայց չէր գիտէր թէ ինչ էր պատահելիքը ու որքան մեծ ազդեցութիւն մը պիտի ունենար:Ամէն մարդ փուշի վրայ էր:Փոքրամասնութիւնները եւ մանաւանդ Յոյները, կը զգային թէ իրենց դէմ ժողովուրդը ամէն օր աւելի լարուած ու թշնամական կեցուածք մը կ 'առնէր:Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ Կիպրոս կղզիի հակամարտութեան պատճառաւ լարուած վիճակը, հասած էր իր գագաթնակէտին:
Թուրքիոյ ամենաբարձր ընթերցողներու թիւը ունեցող Հիւրրիյէթ օրաթերթը վերջի օրերուն լուր մը հրապարակել սկսած էր:Ըստ այդ լուրին Պոլսոյ Յոյն փոքրամասնութիւնը իր մէջ դրամ հաւաքելով ղրկած էր Կիպրոսի մէջ գործունէութիւն ունեցող <<էնօսիս>> կազմակերպութեան հրոսախումբերուն:

Ցերեկին ժամը 13:00 ին ձայնասփիւռէն սփռուող լուրերու ընթացքին, ժողովուրդին
իմացուեցաւ թէ Յոյները Թեսաղոնիկէ գտնուող Աթաթիւրքի տան ռումբ դրած եւ մեծ վնաս պատճառած են: Տարիներ վերջ պիտի մէջտեղ պիտի ելլեր թէ այդ ռումբը դնողը Օքթայ էնկին անունով Թեսաղոնիկէ ի համալսարանի ուսանող թուրք մըն էր:Այսինքն այս բոլորը ժողովուրդը Յոյներու դէմ գրգռելու համար կազմակերպուած բեմադրութիւն մըն էր, բայց այդ օրերուն ոչ ոք չէր ուզեր իմանալ իրականութիւնը:Եղածը եղած էր ու ռումբը Պոլսոյ Յոյն հայրենակիցներուն բնակած թաղերուն մէջ շատ աւելի մեծ աւեր մը կատարած էր քան թէ իր պայթած վայրին մէջ: Այն օր, Աթաթիւրքին տունին այդ ռումբը դնող Օքթայ Էնկին անուն թուրք ուսանողը, տարիներ վերջ 1992 ին Թուրքիոյ Նեւշեհիր կոչուած քաղաքին կուսակալը պիտի նշանակուէր:

Իրիկուան դէմ շոգենաւով Քատիգիւղէն Գարագիւղ անցնող ժողովուրդը, խուժած էր շոգենաւին պատուհաններուն ու հեռուէն կը դիտէր ու կը տեսնէր թէ քաղաքին որոշ թաղերէն մուխ ու կրակ կը բարձրանար:Քանի շոգենաւը կը մօտենար նաւամատոյցին քաղաքէն բարձրացող խժժոցը աւելի լսելի կ 'ըլլար եւ շատ պարզ էր որ իրարանցում մը կար քաղաքին մէջ:Ժողովուրդը որ վարժուած էր իր ամէն օրուայ ճամբորդութեան ընթացքին, օդին մէջ թռչող ծովային ճայերուն հացի կտոր նետել ու զանոնք կերակրելով ժամանակ անցնել ու թռչուններուն հացի պատառը օդին մէջ յափշտակելը դիտելով զուարճանալ, այդ օր զարմանքով կ 'անդրադառնար թէ օդին մէջ մէկ թռչուն մը իսկ չէր մնացած:Անոնք անգամ փախած ու պահուըտած էին իրենց բոյներուն մէջ նախընտրելով այդ օր անօթի մնալ բայց չի մօտենալ <<մարդ>> կոչուած բնութեան ամենավայրենի էակին:

* * *

Պոլսոյ, Թաքսիմ թաղի վրայ գտնուող Իսթիքլալ կոչուած պողոտան, ծայրէ ի ծայր ծածկուած էր մետաքսէ կերպասներով, հագուստներով , գորգերով եւ կահ կարասիով որոնք պատուհաններէն դուրս նետուած էին զանոնք ատելութեամբ դուրս նետող բազմութեան կողմէ: Պողոտային վրայ քալողին կօշիկին տակը հողին չէր դպչեր: Տուներուն կարասիներուն մէկ մասը ջախջախուած, պատուհաններուն կառչած մնացած էին,մանաւանդ հագուստեղէնները եւ կերպասները:Այդպէս որ հեռուէն տեսնողը կը կարծէր թէ վարագոյրները հովին ազդեցութեամբ, բաց մնացած պատուհաններէն դուրս ելած ըլլային, բայց երբ մօտենար կ'անդրադառնար թէ այսչափ ալ անմեղ չէր կացութիւնը: Երբեմն ութը, տասը հոգինոց խումբեր կարգախօսեր արձակելով կը պտտէին փողոցներու մէջ <<Կիպրոս Թուրք է,Թուրք պիտի մնայ>> :

Զէքի, իր շապիկին կոճակները մինչեւ բորը բաց, քրտնած,տաբատը եւ կօշիկները փոշոտ,աջ ձեռքին հաստ ու տոկուն գաւազան մը ,լանջքը դուրս ձգած ըմբշամարտիկի կերպարանքով կը քալէր աւերակի թարցած պողոտային վրայ:Ձեռքի փայտը, հաստ ու տոկուն փայտ մը ըլլալով հանդերձ չէր կրցած հանդուրժել ուրիշ անձի մը ձեռքով իր կատարած վայրագութեան իրէն պատճառած անպատուութեան , մասամբ ճաթած ու կոտրած էր : Զէքի, երբ կանցնէր Տիմիթրիի խանութին առջեւէն ատելութեամբ նայեցաւ խանութին ջախջախուած դռան,պատուհաններուն եւ դարակներուն:Այս խանութէն սկսած էր իր պարտականութիւնը կատարելու իր խումբին հետ: Տիմիթրի, իրենց Յոյն տանտէրն էր որ յաճախ կը վիճաբանէր իր հետ որովհետեւ Զէքիի ընտանիքը որ իր վարձակալն էր վեց ամիսէ ի վեր իրենց տան վարձկը չէր վճարած եւ Տիմիթրի կը սպառնար զիրենք տունէն դուրս նետելով: Ըստ Զէքիի ազգայնամոլ մտայնութեան, Տիմիթրի իր երկրին անոր նուիրած շնորհքներու շնորհիւ հարստացած ու տան տէր եղած անբարտաւան Յոյն մըն էր որ այս երկրին մէջ միայն ծառայ ըլլալու իրաւունք ունէր այլ ոչ թէ տանտէր: Զէքի, նայեցաւ խանութէն ներս ու տեսաւ Տիմիթրին որ նստած քանդուած խանութին մէկ անկիւնը, իր աչքերը դէպի գետին խոնարհած խորունկ, խորունկ կը մտածէր:Զէքի, մրմռած իր քթին տակէն <<Վարնոց մարդ, հիմա հասկցար թէ այս երկրին մէջ ով է տանտէր ով վարձակալ >>:

6 Սեպտեմբերի գիշերը սկսող թալանը 9 ժամ տեւած ու 7 Սեպտեմբերին առաւօտեան դէմ վերջացած էր: Այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ սպաննոած էին 15 Յոյն ու 1 Հայ հայրենակիցներ: ծանր կերպով վիրաւորած էին երեսուներկու Յոյն հայրենակիցներ: Կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուած, չորս հազարէ աւելի տուն, շուրջ հազար գործատեղի, եօթանասուն երեք եկեղեցիներ, երկու վանք, քսան երեք դպրոց եւ հինգ հազարի մօտ այլ շէնքեր քանդուած կամ վնասուած էին:

Զէքի իրէն ստացուած պարտականութիւնը մեծ նուիրումով եւ յաջողութեամբ կատարած էր: Ան նախ գնաց իրենց միութեան հաւաքատեղին, ուր հաւաքուած էին բոլոր իր միւս ընկերները որոնք հերոսներն էին այս աւերին:Հոն իրենց մեծը ոքեորիչ քարոզ մը տուաւ իրենց ու գովեց իրենց իրականացուցած << սուրբ պարտականութիւնը>> :Իրիկուան Զէքի իր տունը գնաց :Հոն իր հայրը անհամբեր զինքը կը սպասէր:Երբ դուռէն ներս մտաւ իր հորը աչքերը փայլեցան:Իր տղուն քով գնաց եւ հպարտօրէն զայն գրկեց :Զէքի առաւօտուընէ ի վեր բան մը չէր կերած բայց անօթութիւն չէր զգար:Իր իրագործած աւերին իրէն պատճառած յաճոյքը զինք կուշտ կը պահէր:Միայն գաւաթ մը թէյ խմեց ու իր սենեակը քաշուեցաւ:Զէքիի հայրը պտղավաճառ էր իրենց թաղին մէջ, իսկ մայրը իր հարազատ մայրը չէր:Հայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած էր : երբ հարցուցած էր իր մորը մասին հայրը իրէն ըսած էր որ մայրը զինք ծննդաբերելու ժամանակ մահացած էր:Ունէր նաեւ իրմէ տասը տարի փոքր խորդ քոյր մը: Զէքի, յոգնած վերջի երկու օրուայ մէջ ապրած իրարանցումէն կանուխէն պառկեցաւ:

Բաց վարագոյրէն Լուսնին շողերը մութին մէջ կը զարնէին իր սենեակի պատին վրայ զետեղուած նկարին,ուր լեռան մը վրայ կիսամահիկի մը տակ կը տեսնուէր գորշ գայլ մը որ կը ոռնար:

Զէքի շատ յոգնած ըլլալուն ամիջապէս քնացաւ բայց հանգիստ քուն մը չէր ունեցածը:Ան հիմա կերազէր որ կը գտնուէր դաշտի մը վրայ ու կը հալածուէր գայլերու կողմէ:Ինք կը ջանար վազել ու փախչիլ զինք հետապնդող քայլերէն բայց չէր կրնար յառաջանալ, մինչ այդ զինք հետապնդող քայլերը իրենց բերնի լորձունքները վազեցնելով կը մօտենային n իրէն: Զէքի քանի վազել կը ջանար կարծէք թէ անտեսանելի ձեռք մը զինք իր օձիքէն դէպի ետ կը քաշէր:Ի վերջոյ գայլերէն մէկը եկաւ եւ իր սուր ակռաները անցուց Զէքիի ձախ ոտկի թաստակին:Զէքի ցաւով ու պոռալով վեր ցատկեց պառկած տեղէն ու արթնցաւ քրտինքի մէջ :Անդրադարձաւ որ ապրածը միայն մղձաւանջ մըն էր: Մտածեց թէ վերջին երկու օրուան մէջ ապրածները իր հոգեկան վիճակը խանգարած պէտք է որ ըլլային:Քանի մը վայրկեան անկողնին մէջ նստեցաւ որպէսզի գլուխը ամփոփէ : Յետոյ տեսաւ որ առաւօտ եղած է արդէն ու վերմակը բանալով անկողնէն վար իջաւ:

Երբ ոտքերը վար դրաւ ու ոտքի ելլալ ջանաց ձախ ոտքին դաստակին վրայ զօրաւոր ցաւ մը զգաց ու անկողնին վրայ ետ ինկաւ:Իսկոյն ոտքը քննէց ու տեսաւ որ դաստակին վրայ վերք մը կար կարծէք թէ անասունի մը կողմէ խածուած ըլլար:Նայեցաւ ոտքին որ կարիւնէր յետոյ վերմակը բացաւ ու տեսաւ որ սաւանը արիւնի մէջ է:Զէքի պահ մը վարանեցաւ:Տեսած երազը ու արդուն վիճակը իրարու խառնուած էին:

<<Ինչպէս կարելի է այսպէս բան մը>> մտածեց ինքն իրէն:Յետոյ ելաւ անկողնէն, սաւանը ժողուեց ու կաղալով գնաց լուացարան:Արիւնոտ սաւանը լուաց որպէսզի տունինները չանդրադառնային որովհետեւ պիտի չի կարենար իրենց բացատրութիւն տալ: Զէքի ոտքն ալ լուաց ու թաշկինակով մը կապեց:Իր սենեակը վերադարձաւ շուտ մը հագուեցաւ ու իրենց տան դիմացը գտնուող դեղարանը գնաց որպէսզի դարմանում մը ընեն վէրքին: Դեղագործը երբ տեսաւ վէրքը ըսաւ որ կը նմանէր շունի նման անասունի մը խածուածքի եւ զինք ազդարարեց ըսելով թէ պէտք էր ամիջապէս դիմէր հիւանդանոց որպէսզի կատաղութեան հիւանդութեան դէմ պատուաստուի, որովհետեւ զինք խածնող շունը կրնար կատղած ըլլալ:Այդ օրերուն այսպէս դէպքեր շատ կը պատահէին: Զէքի ոչ մէկ պատասխան տուաւ դեղագործին:Ինչպէս կրնար ըսել որ զինքը խածնողը գայլ մըն էր եւ դէպքը պատահած էր իր երազին մէջ այլ ոչ թէ իրականութեան:Եթէ այդպէս բան մը ըսէր դեղագործը զինքը խենդ պիտի համարէր:
Վէրքին դարմանումէն վերջ Զէքի գնաց իր գործատեղին ու իր առօրեայ աշխատանքը տարաւ, կարծէք թէ ոչինչ չէր պատահած բայց իր միտքը անհանգիստ էր:

<< Ինչպէս կարելի է այսպէս բան մը >> , կը հարցնէր ինքն իրէն բայց պատասխան մը չէր կրնար գտնել:


Օրերը կանցնէին բայց Զէքիի ոտքը փոխանակ բուժուելու երթալէն աւելի կը վատանար: Զէքի վերջապէս որոշեց բժիշկի մը երթալ:Ընկերոջ մը միջոցաւ դիմեց ծանօթ բժիշկի մը եւ ըսաւ թէ զինք իր մէկ ընկերոջը շունը խածած էր :Բժիշկը անձամբ ըրաւ վէրքին դարմանումը եւ բաւական զօրաւոր մանրէասպան դեղ մը տուաւ որպէսզի վէրքը չորնայ :

Շաբաթներ այսպէս անցան բայց ոտքը երթալէն աւելի կը վատանար:Այլեւս վրան չէր կրնար կոխել ու անթացուպով կը քալէր:Զէքի այս անգամ որոշեց իրենց թաղին հոճային դիմել :

Զէքի ներկայացաւ հոճային ու բոլոր իր գլխէն անցածները եղածին պէս պատմեց հոճային: Հոճան տարեց եւ իմաստուն անձ մըն էր որ կը յարգուէր իրենց թաղին մէջ ու շատ լաւ կը ճանչնար բոլոր թաղի ընտանիքները:Շատեր իր ձեռքը մեծցած էին եւ գիտէր բոլորին ընտանեկան պատմութիւնը: Ան լսած էր նաեւ Զէքիի ծայրայեղ մտայնութիւնը եւ քանի մը ամիս առաջ պատահած դէպքերուն իր գործօն մասնակցութիւնը:Լաւ մը զինք մտիկ ընելէ վերչ պատասխանեց:

<<Տղաս, քու բռնած ճամբադ ուղիղ ճամբայ մը չէ այս պատճառաւ է որ քու մէջդ պատերազմ մը կայ քու ինքնութեանդ եւ մտայնութեանդ միջեւ:Եկուր դուն ինծի մտիկ ըրէ եւ բոլոր քաղաքական շարժումներէ հեռու կեցիր ապա թէ ոչ շատ պիտի տուժես >> :

Զէքի, քիչ մը շուարած եւ քիչ մըն ալ զայրացած պատասխանեց հոճաին:

<<Ի՞նչ ըսել կ 'ուզես հոճա էֆենտի, իմ ոտքիս վէրքին հետ իմ քաղաքական գործունէութիւնս ի՞նչ կապ ունին իրարու հետ:Մենք մեր հայրենիքին ծառայելու համար ապրող մարդիկ ենք >>:

<<Տղաս, հայրենիքն ծառայելու համար շատ աւելի արդար ու պատուաւոր միջոցներ կան:Անմեղ եւ քեզի ոչ մէկ վնաս պատճառող հայրենակիցները հալածել, անոնց տուները, խանութները քանդել հայրենիքին ծառայել չի կրնար նկատուիլ ոչ այս աշխարիս ոչ ալ յաւիտենական աշխարհին մէջ:Ես քեզ այս խրատը կ 'ուտամ իբր կրօնաւոր, իբր Աստծոյ պաշտօնեայ մը:Այս ձեր վարմունք հակառակ է նաեւ մեր սուրբ գիրքին >>:

Զէքիի երեսը յանկարծ կաս կարմիր կտրեցաւ:Կը զգար որ իր արիւնը գլխուն կը խուժէր այդ պահուն:Բայց դիմացինը տարիքոտ, շատ իմաստուն եւ իրենց թաղին մէջ սիրուած ու յարգուած հոճա մըն էր, ուստի կրցածին չափ զինք զսպելով ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պոռալ հոճային երեսն ի վեր:

<< Հոճա, հոճա դուն աղօթէ որ հոճա մըն ես եւ իմ մեծ հօրս տարիքը ունիս ապա թէ ոչ ես շատ լաւ գիտեմ քեզի պէսերու հետ ինչպէս պէտք է վարուիլ:Գիտցիր որ երբ խնդրոյ առարկան հայրենիքն է մնացածը անիմաստ շատախօսութիւն է:Մենք մեր այս սուրբ դատի համար եթէ անհրաժեշտ է կրնանք նոյնիսկ մեռնիլ կամ մեռցնել >>:

Հոճան պահ մը մտածեց ու յետոյ պատասխանեց:
<< Տղաս, դուն ինծի եկար եւ քու անհանգիտութեանդ համար ինձմէ դարմանում մը ուզեցիր:Ես բժիշկ չեմ հոգեւորական մըն եմ, ուստի քեզ բժշկական դարմանում մը չեմ կրնաք առաջարկել:Կը տեսնեմ նաեւ թէ քու անհանգստութիւնդ հոգեկան է: Քու - անիմաստ շատախօսութիւն - նկատած արժեգները իմ բոլոր կեանքիս աղբիւրը եղած է ,ես իմ բոլոր կեանքս այդ արժեգներու ուղղութեամբ ապրած եմ եւ պիտի ապրիմ >>:

Զէքի այլեւս չէր ուզեր մտիկ ընել եւ զայրութեամբ կռնակը դարձաւ եւ դէպի դուռ ուղղուեցաւ:Հոճան իր ետեւէն պոռաց որպէսզի իր վերջին խրատը տայ:

<<Տղաս, գիտցիր որ եթէ այսպէս շարունակես քու ինքնութիւնդ մտայնութեանդ զոհը պիտի ըլլայ: Պէտք է զղջաս գործած մեղքերուդ համար ու սիրաշահիս անոնք որոնց վնաս պատճառած ես >> :

Զէքի լսեց հոճային վերջի նախադասութիւնը բայց ոչ մէկ իմաստ կրցաւ տալ այդ խօսքերուն:<<Ցնդեր է այլեւս:Յանցաւորը եւ եմ որ այս ցնդած մարդուն եկայ կարծելով թէ կրնայ զիս բուժել կամ գաղափար մը տալ >> մտածեց ու փողոց ելաւ: Ջղայնացած, արաք արաք կը քալէր բայց ամէն մէկ քայլին իր ձախ ոտքին դաստակին վրայ ահռելի ցաւ մը կզգար որ պատճառ կըլլար իր կաղելուն:


Օրերը կանցնէին բայց Զէքիին ոտքը երթալով աւելի կը վատանար:Ձախ ոտքը մինչեւ թաստակը սեւցած էր այլեւս եւ գարշահոտ հեղուկ մը կը վազէր վէրքէն ու շատ ցաւ կը պատճառէր իրէն:Ի վերջոյ ստիպուեցաւ հիւանդանոց երթալ:Բժիշկները եկար քննութենէ վերջ ըսին թէ ոտքի վէրքը փտախտի վերածուած էր եւ ընելիք ոչինչ կար ոտքը փրկելու համար , ստիպուած էին ոտքը անջատել:Զէքի չէր կրնար եղածներուն հաւատալ :Մղձաւանջ մը ի՞նչպէս ասանկ բանի մը կրնար պատճառ ըլլալ:Անըմբռնելի էր այս կացութիւնը իրէն համար բայց ընելիք բան չկար այլեւս ոտքը փտած էր եւ պէտք էր զայն անջատել :

Գործողութիւնը յաջող անցաւ եւ Զէքիի ոտքը ծունկին տակէն անջատուեցաւ:

Ամիսներ անցան, Զէքիի այլեւս վարժուած էր իր նոր կեանքին:Հանրաշարժի հաստատութեան պաշտօնեայ եղած էր ու նստած տեղը տոմսակ կը ծախէր եւ իր ապրուստը կապահովէր:Քալելու ժամանակ անթացուպ կը գործածէր:Զէքիի հին կռուազան վիճակէն ստուէր չէր մնացած այլեւս:Հիմա մտածկոտ ու մելամաղձոտ վիճակ մը ունէր ու թաղուած էր խոր մտածումներու մէջ: Ինքզինքը տուած էր կրօնքի ու կրօնական գիրքերու եւ քանի իր մէջ կը խորանային կրօնական զգացումները եւ կրօնական դաստիարակութիւնը ալ աւելի կը հաւատար թէ իր գլուխը եկածը սովորական արկած մը չէր այլ Աստուածային պատիժ մը :

Հոճային ըսած նախադասութիւնը իր ականջներուն մէջ կարձագանքուեր տեւական <<քու մտայնութիւնդ քու ինքնութեանդ հետ կը պայքարի, եթէ մտայնութիւնդ չի փոխես քու վերջդ վատ պիտի ըլլայ>>Ինչ ըսել ուզած էր հոճան,ինչ կը նշանակէր ասիկա:

<< Ախ՜ , երանի թէ հոճան ողջ ըլլար, ու երթայի անգամ մը եւս զինք այցելէի >> մտածեց:Իր վերջի այցելութեան վրայէն երկու տարիներ անցած էին ու հոճան որ բաւական տարիքոտ էր արդէն տարի մը առաջ մահացած էր:Զէքի յիշեց իր այցելութեան ժամանակ, երբ ինք զայրացած դռնէն դուրս կ 'ելլէր հոճային իր ետեւէն պոռալով տուած խրատը :

<<Պէտք է զղջաս գործած մեղքերուդ համար ու սիրաշահիս անոնք որոնց վնաս պատճառած ես>>:

Զէքի գործէն վերադարձին, մտածեց Իսթիքլալ պողոտայի վրայ գտնուող Յոյն Եորկօյին խանութը այցելել :Այն օրէն վերջ բնաւ զինք չէր տեսած:Ոչ ալ Տիմիթրի եկած էր որպէսզի տան վարձքը պահանջէ : երկու տարի էր որ վարձք չէին վճարէր ու ձրի կը նստէին:Զէքի վճռած էր տեսնուիլ Տիմիթրիի հետ եւ իրենց պարտքը վճարելու համար միասին ծրագիր մը պատրաստել եւ պարտքը բոլորովին գոցել : Մտածած էր նաեւ հատուցում մը վճարել իրեն երկու տարի առաջ 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերուն իր խանութը քանդած ըլլալուն համար:Կը յուսար այսպէսով ներուիլ Տիմիթրիի կողմէ ու տարիներ առաջ հոճային իրէն տուած խրատը կատարել:

Զէքի գործէն վերադարձին շիտակ գնաց Թաքսիմի Իսթիքլալ պողոտան գտնուող Տիմիթրիի խանութը:Այդ դաժան օրէն ի վեր քաջութիւնը չէր ունեցած այդ պողոտայէն անցնելու:Թիւրաւ գտաւ խանութը բայց Տիմիթրի չկար այլեւս ու խանութն ալ բոլորովին փոխուած էր: Տիմիթրիի խանութը այդ տարիներուն յայտնի ծաղարան մըն էր, իսկ հիմա հագուստեղէն ծախող խանութի մը վերածուած էր ու տէրն ալ փոխուած էր:Հոնկէ իրէն ըսին թէ Տիմիթրի շուրջ երկու տարի մը առաջ այսինքն 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերէն քիչ վերջ խանութը ծախած եւ իր բոլոր ընտանիքով Յունաստան գաղթած էր: Զէքի գիտէր որ Տիմիթրի ունէր եղբայր մը որ կը բնակէր Վոսփորի Թէրափիա թաղի մէջ ու քոյր մը որ կը բնակէր Քատըգիւղ :Հակառակ որ այս երկուքն ալ իրարմէ շատ հեռու թաղէր էին ու Զէքիի ոտքը անջատուած ըլլալուն պատճառաւ քալելու մեծ դժուարութիւն կը քաշէր, գնաց ու գտաւ իրենց տուները որպէսզի տեղեկութիւն հարցնէ Տիմիթրիի մասին:Բայց արդէն երբ անոնց ապրած թաղերէն ներս մտաւ յուսահատութիւն մը ունեցաւ որովհետեւ անդրադարձաւ որ թաղին բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ փոխուած էր:Մանաւանդ Թէրափիա թաղի մէջ այդ գեղեցիկ Յոյն աղջիկները ու տիկինները չկային այլեւս որոնք իրենց ուրախ զուարթ պոռչտուքով կը լեցնէին թաղին փողոցները:Զէքի, օր մը Թէրափիա օր մըն ալ Քատըգիւղ երթալով գտաւ Տիմիթրիի քրոջը եւ եղբօրը տուները, բայց երբ դուռերը զարկաւ երկուքն ալ բացուեցան օտարներու կողմէ որոնք ըսին որ հին տանտէրերը տունը իրենց ծախած ու գաղթած էին Յունաստան:

Զէքի յուսահատ տուն վերադարձաւ գիտէր թէ ներուելու համար բոլոր առիթները կորսնցուցած էր այլեւս:Հագուստները հանեց ու անջատուած ձախ ոտքը պաղ ջուրին տակը բռնեց որպէսզի քիչ մը զովանայ:Շաբաթ մըն էր որ ոտքը դարձեալ վէրքոտիլ սկսած էր, տեւական կը կոտտար ու կ'արիւնէր:

Զէքիի ապրելակերպը փոխուած էր այլեւս: Գործէն բաժնուած էր ու տունէն գրեթէ դուրս չէր ելլեր:Հայրը զինք կը ստիպէր որ դարձել բժիշկի երթայ որովհետեւ երկու ամիս էր որ Զէքի չէր աշխատէր ու սենեակէն ալ դուրս չէր ելլէր ու հայրը սկսած էր գանգատիլ իր այս վիճակին համար որովհետեւ այլեւս Զէքի սկսած էր բեռ մը ըլլալ իր հօրը ուսերուն, բայց ինք կը մերժէր բժիշկի երթալ:Գիտէր թէ այլեւս ամէն ինչ պարապ էր ու իր անհանգստութիւնը ֆիզիքական չէր այլ երկնային արդարութեան իրէն տուած մէկ պատիժն էր ու ստիպուած է կրել: Հինէն անկողնին դիմացի պատին վրայ գտնուող գորշ գայլի նկարն ալ չկար այլեւս պատին վրայ:

Ամիսներ անցան, Զէքիի ոտքի փտախտը այլեւս պատած էր բոլոր մարմինը:Հայրը զինք փոխադրած էր մօտակայ պետական հիւանդանոցը:

Զէքի հիմա կը գտնուէր հոգեվարք վիժակի մէջ:Ջերմութիւնը շատ բարձր էր ու մարմինը պատող թարախը ամեն վայրկեան քիչ մը աւելի կը թունաւորէր երակներուն մէջ պտտող արիւնը եւ զինք կը տանէր դէպի իր մահը:

Ջերմութիւնը աւելի բարձրացած էր ու այլեւս մարմնի որոշ գործարանները դադրած էին գործելէ:Պառկած հոգեվարք վիճակի մէջ ան հիմա կը զառանցէր ու կ'երազէր իր մահամերձ վիճակին մէջ : Կը գտնուէր Յունաց եկեղեցիի մը մէջ որ քար ու քանդ եղած էր:Խորանը, վրայի բոլոր սրբութիւնները պղծուած ու գետինները նետուած էին:Աթոռներուն մեծ մասը տապալած էին ու տապալած աթոռներուն ու խորանին վրայ գայլեր իրենց բերնի լորձունքը վազեցնելով կը պտտէին:

Զէքի բոլոր այս խառնակութեան մէջ հեռուն եկեղեցիին մէկ անկիւնը կին մը նշմարեց բոլորովին սեւ զգեստ մը հագած ու իր գլուխն ալ սեւ լաչակով մը ծածկած էր:Կինը առաջին ակնարկին կը նմանէր մահմետական կնոջ մը բայց իր ձեռքը կը կրէր Վարդարան մը:Կինը ծնրադրած Վարդարանը ձեռքին կ 'աղօթէր ու իր երկու աչքերէն արցունք կը հոսէին: Զէքի մօտեցաւ կնոջ բայց կինը կը շարունակէր աղօթել:Ով էր այս կինը որ բոլոր այս խառնակութեան մէջ այսքան զօրաւոր հաւատքով մը կը շարունակէր աղօթել առանց խանգարուելու, ու այս վայրի գազաններէն ոչ մէկը կը համարձակէր իրէն դպչիլ: Զէքի քիչ մըն ալ մօտեցաւ կնոջ, այդպէս որ եթէ իր ձեռքը երկարէր կրնար անոր դպչիլ:

Կինը այդ պահուն սթափեցաւ, բացաւ իր լալէ կարմրած աչքերը ու Զէքիի հետ աչք աչքի եկան:Տղան քամուած մնացած էր իր տեղը:Կուզէր խօսիլ բայց չէր կրնար, կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր ու չէր թողուր որ խօսի:

Զէքի մեծ ջանք մը կը թափէր կարենալ խօսելու համար բայց չէր յաջողէր:Վերջապէս երկու բառ իր բերնէն դուրս կրցան ելլել:Եթէ այդ պահուն հիւանդանոցի սենեակին մէջ Զէքիի քովը մէկը ըլլար իր բերնէն մեղմ ձայնով մը արտասանուած սա երկու բառերը պիտի լսէր . <<մա՜յր իմ >>:

* * *

Շատ պարզ յուղարկաւորութիւն մը եղաւ Զէքիի յուղարկաւորութիւնը, ութը կամ տասը հոգի հազիւ մասնակցած էր:Ու՜ր էին իր ժամանակուայ ընկերները, անոնք որոնք կործանումի,թալանի ժամանակին իր ամենամտերիմ ընկերները եղած էին ու սխալ ճամբայ առաջնորդած էին զինք:Ան ալ որ այդ տարիներուն տակաւին միամիտ ու ճահել տղայ մը ըլլալով խաբուած էր անոնց ծայրայեղ մտայնութեան:Անոնցմէ ոչ ոք կը քալէր իր դագաղին ետեւէն: Միայն իր հայրը, խորդ մայրն ու քոյրը եւ քանի մը մօտ ազգականէ զատ մարդ ներկայ չէր ոչ յուղարկաւորութեան արարողութեան ոչ ալ թաղումին:

Հազիւ կէս ժամ տեւած էր բոլորը:Թաղումն ալ վերջացած ամէն մարդ գացած էր իր առօրեայ զբաղումին:Պայծառ օդ մըն էր եւ երկինքին վրայ ամպ չկար:Գերեզմանատան մէջ ծառերուն վրայ գեղգեղող թռչուններէն զատ մարդ չէր մնացած ու համով զեփիւռ մը կը բչէր որ մարդուս երեսը կը շոյէր:

Եթէ այդ պահուն հոն մէկը ըլլար, պիտի անդրադառնար թէ ծառերուն ետեւը բան մը կը շարժէր:Կարծես մէկը պահուըտած էր ու կը վախնար մէջտեղ ելլալու եւ կ 'ուզէր վստահ ըլլալ թէ բոլորը հեռացած էին գերեզմանի գլխէն թէ ոչ:Քիչ վերջ բոյսերուն ետեւէն վերէն վար սեւեր հագուած կին մը ելաւ եւ ձախ ու աջ նայելով գաղտնօրէն եկաւ ու ծնրադրեց գերեզմանին առջեւ:Անիկա այդ նոյն կինն էր որ Զէքի իր հոգին աւանդելէ առաջ տեսած էր իր երազին մէջ :Կինը ծունկի եկած Զէքիի գլխուն վերեւ անձայն ու անդադար կ 'ուլար ու կ 'աղօթէր:

Կ 'ուլա՜ր ու կ 'ուլա՜ր :Խեղճ կինը միակ էակն էր որ կ 'ուլար իր ետեւէն: Սկիզբը իր արձունքները անձայն վազձնող կինը հետզհետէ ինքզինքէն ելլելով սկսաւ բարձրաձայն արտանուիլ :Խեղճ կնոջ վիշտը այլեւս հասած էր իր գագաթնակէտին:Մարմինը բոլորովին ձգեց ու ինկաւ Զէքիի վրան ծածկող թարմ հողին վրայ ու երեսը հողին մէջ մխրճելով շարունակեց բարձրաձայն լալ ու իր արտասուքով ջրել իր խեղճ <<զաւկին>> վրան ծածկող հողը:Այն զաւակը որ ծննդաբերութենէ վերջ իրէն երբեք չէր արտօնուած որ սիրէ ու գուրգուրայ իր վրայ:Հիմա այլեւս ոչ ոք կրնար արգելք հանդիսանալ :Հիմա իր զաւակը բոլորովին իրն էր այլեւս:

Գերեզմանատան դռան առջեւ նստող պաշտօնեաները հերուն լացող կնոջ մը աղաղակը կը լսէին:


Օշին Էլակէօզ

11 Յուլիս 2011 - Պոլիս




15 Jun 2011

Մօր կարօտը



Տղան հազիւ տասնը մէկ տարեկան էր, երբ հայրը զինք իր դիմացը առաւ եւ հարցուց:

-Տղաս, կ'ուզես որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքդ առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ:

Հայրը իր տղուն այս հարցումը ուղղած ժամանակ վստահ էր թէ տղան խաղալիքը պիտի ուզէր: Ո՞ր երեխան կրնար ուզել հեռանալ իր տունէն,հօրմէն, մօրմէն եւ երթալ արտասահման ու տարիներով ուսանիլ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:Հարկաւ թէ տղան խաղալիքը պիտի նախընտրէր եւ հայրն ալ ազգականներուն պիտի ըսէր որ երեխան երթալ չուզէր, ուստի կարելի չէր ստիպել:Այսպէսով հայրն ալ պիտի ազատէր, իր միակ որդին հազարներ քիլոմեթր հեռու ղրկելէ ու տարիներով հեռու իյնալէ իր միակ ու հարազատ որդիէն:Բայց հայրը կը սխալէր, տղան առանց պահ մըն իսկ մտածելու պատասխանեց:

-Ինծի արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկէ’ :

Տղան այլեւս ձանձրացած ընտանեկան վիճաբանութիւններէ , կռիւներէ երթալ ու հեռանալ կ 'ուզէր այս բոլորէն, ձգելով բոլոր դժբախտութիւնները իր յետին:Ի՞նչ էր իր յանցանքը, ինչու՞ ինք ստիպուած ըլլար ընտանեկան խռովութիւններու մէջը մնալու ու մասնակից ըլլալու իրմէ անկախ եղող անհամաձայնութիւններու տառապանքին:Հեռու երկիր կ'ուզէր երթալ:Հեռանալ ու մոռնալ ամեն բան ու ամեն մարդ:Մայր, հայր, ընտանիք, ազգականներ խերն էր անիծեր բոլորին:

Եւ այդպէս ալ եղաւ, տղան գնաց հեռուները:Առաջի շաբաթը տղան իր մօրը հետ գացած էր որպէսզի տեղաւորուի գիշերօթիկ վարժարան:Վերջին օրը, մօրը մեկնումէն առաջ միասին սրճարան մը նստած էին:Մայրը գաւաթ մը թէյ, ինքն ալ պտուղի մը ջուր խմած էր:Առաջին անգամ ըլլալով հոն ծանօթացած էր <<անանաս>> ի ջուրի հետ ու շատ հաւնած էր:Մայրն ալ մօտակայ նպարավաճառէ մը շիշ մը անանասի ջուր արած էր տղուն:Յետոյ միասին գացած էին դպրոց եւ մուտքի դռան առջեւ իրարու փաթթուելէ վերջ բաժնուած էին իրարմէ:

Առաջի անգամն էր որ տղան գիշերօթիկ վարժարանին մեծ ու պատկառազդու դռնէն առանձին ներս կը մտնէր:Ներսը մութ էր ու խոնաւութիւն կը հոտէր:Գետնի հին ու մասամբ կոտրած քարերը, շէնքին բարձր ձեղունը ու խոնաւութենէ ապականած օթը մելամաղձոտ մթնոլորտ մը կ'ստեղծէր:Իր առջեւ կը գտնուէին իրարու յաջորդող մութ նրբանցքներ, փակ ու հսկայ դռներ որոնցմէ պէտք էր անցներ որպէսզի երթար ու միանար միւս աշակերտներուն:Տղան սարսափած մնաց այս տեսարանին առջեւ ու առաջին անգամ ըլլալով վախ մը զգաց:Պահ մը մտածեց ետ դառնալ ու մօրը ետեւէն վազել բայց այլեւս շատ ուշ էր:Կար նաեւ արժանապատուութեան խնդիր մըն ալ որ կը զսպէր զինք:Իրէն հարցուցած էին եւ ինք անձամբ ուզած էր ձգել բոլորը ու հեռանալ, իսկ հիմա կարելի՞ էր միթէ զղջացած երեւնալ իր տուած որոշումին վրայ:Տղայական արժանապատուութիւնը չէր արտօներ այսպէս վարուելակերպ մը:Առաջին անգամ ըլլալով զգաց թէ այլեւս առանձին էր աշխարհիս վրայ ու սարսուռ մը զգաց:Յանկարծ յիշեց իր ձեռքին մէջ գտնուող շիշ մը անանասի ջուրը զօր իր մայրը առած էր իր մեկնելէն առաջ:Լաւ մը կուրծքին սեղմեց շիշը եւ արաք քայլերով անցաւ բոլոր նրբանցքներէն եւ դռներէն:Սանդուխներէն բարձրացաւ ու հասաւ ննջարան ու շիշը իր պահարանին մէջ տեղաւորելով դուրը կղպեց:

Երբ գիշեր եղաւ ու պառկիլ գացին, իր մայրը չկար իր քով այլեւս որպէսզի զայն պառկեցնէ, վերմակը իր վրան գոցէ ու մայրական անոյշ ձայնով մը <<գիշեր բարի բալիկս >> ըսէ ու համբոյր մը տայ իր ճակտին:Իր սեփական ննջասենեակն ալ չունէր պառկելու համար, այլ կը գտնուէր մեծ ու ընդարձակ ննջարանի մը մէջ ուր կը պառկէին երեսունի մօտ աշակերտներ որոնցմէ ոչ մէկը կը ճանչնար, խօսած լեզունին անգամ լաւ չէր հասկնար:Մայրը իր քովը չէր այլեւս որպէսզի գաւաթ մը ջուր ուզէր իրմէ ինչպէս կընէր ամէն գիշեր այլ բոլորովին առանձին էր այլեւս:

Սկսաւ խուճապի մատնուիլ, ու յիշեց ամիսներ առաջ իր հորը իրէն ուղղած հարցումը. <<կ 'ուզես որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքը առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ>>:

Որքան պիտի ուզէր ժամանակը ետ կարենար բերել: Տաքութիւն մը պատեց բոլոր մարմինը,կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր, աչքերը սկսան արցունքոտիլ:Յանկարծ յիշեց շիշ մը անանասի ջուրը որ իր մայրը արած էր իր մեկնելէն առաջ:Անկողինէն վար իջաւ, գնաց եւ բացաւ պահարանը, շիշը առաւ, կափարիչը բացաւ քանի մը ումպ խմեց:Յետոյ շիշէն երկար հոտ մը քաշեց: Հիմա քիչ մը հանդարտած էր: Կափարիչը գոցեց, շիշը տեղը դրաւ ու գնաց պառկեցաւ:

Այդ օրուընէ վերջ, ամէն գիշեր երբ մայրը կարօտնար ու աչքերը արցունքով լեցուէին,կ'երթար շիշը կը բանար եւ ումպ մը կ'առնէր ու շիշին մէջի հոտը կը հոտուըտար: Ի վերջոյ շիշին մէջինը հատաւ:Տղան շիշը լաւ մը լուաց ու դարձեալ պահեց իր պահարանին մէջ:Գիշերները երբ իր մայրը կը կարօտնար, կ 'երթար շիշը կը բանար եւ մէջի հոտը կը հոտուըտար:Այն գիշերները որ կարօտը այլեւս անհանդուրժելի կը դառնար , շիշը անկողին կը տանէր ու անոր փաթթուելով կը քնանար:

Տարիները անցան,տղան մեծցաւ, շիշին կարիքը չէր զգար այլեւս, դպրոցը աւարտեց, ստացաւ իր վկայականը: Մեկնումի օրը հասած էր :Գնաց բացաւ պահարանը, հաւաքեց իր ապրանքները ու զանոնք տեղաւորեց ճամպրուկին մէջ:Յանկարծ նշմարեց որ սենեակին միւս ծայրը հազիւ տասնը մէկ տարեկան նորեկ աշակերտ մը, իր հասակէն աւելի մեծ պայուսակ մը իր ձեռքին արցունքոտ աչքերով կեցած էր պատին տակ: Անանասի պարապ շիշը դեռ կը գտնուէր պահարանին մէջ:Տղան առաւ շիշը, գնաց ու ծունկի եկաւ երեխային դիմացը եւ շիշը երեխային նուրբ ու պզտիկ ձեռքին մէջ դրաւ ու ըսաւ:

-Երբոր գիշերները մայրդ կարօտնաս, այս շիշը առ, բաց եւ մէջի հոտը խորունկ մը ներսդ քաշէ:Պիտի տեսնես որ քու մօրդ հոտը այս շիշին մէջը պիտի ըլլայ:

Յետոյ երեխան իր ճակտէն համբուրեց, պայուսակը առաւ ու դռնէն դուրս ելաւ:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս





8 Jun 2011

Օշին Էլակէօզի լեզուամտածողութեան մի քանի առանձնայատկութեան մասին





Յարգելի ընթերցող, ինծի համար շատ մեծ անակնկալ մը եղաւ երբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա Աճարեանի Անուան Լեզուի էնսթիթիւէն տիկին Անահիդ էմին Տերեան ինծի նամակ մը ղրկելով իմացուց թէ կը փափաքի իմ գրական ոճիս մասին թէզ մը պատրաստել:

Ըլլալով պարզապէս սիրողական գրող մը որ կը սիրէ գրութիւններ գրել մայրենի լեզուով հարկաւ թէ տիկին Անահիդ էմին Տերեանի այս առաջարկը ինծի մեծապէս ուրախացուց:

Պոլսահայ գրականութիւնը հիմա դժբախտաբար շատ ցաւալի վիճակի մը հասած է:Աւելի ցաւալին այն է որ հիմա ոչ թէ Պոլսահայ համայնքի մէջ գրողներ չկան:Ընդհակառակը հիմա գրեթէ ամէն անձ գրութիւններ կը գրէ եւ համացանցի վրայ կը հրատարակէ բայց ասոնց բոլորն ալ թրքերէն կամ այլ օտար լեզուներով գրուած գրութիւններ են այլ ոչ թէ մեր գեղեցիկ մայրենի լեզուով:Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուին նոր շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր համացանցի վրայ կը բացուին նոր կայքէջեր, կը հրատարակուին նոր գիրկեր որոնք գրուած են Պոլսահայ նոր գրողներու կողմէ որոնց բոլորն ալ Պոլսահայերու կողմէ իրականացուած ծրագիրներ են, բայց ասոնցմէ ոչ մէկը հայերէնով է:

Կը ծուլանանք հայերէն գրելու մէջ եւ քանի կը ծուլանանք աւելի կը հեռանանք մեր մայրենիէն, քանի կը հեռանանք ալ աւելի կը մոռնանք մեր մայրենին եւ այս յոռի շրջանը այսպէս կը շարունակուի եւ կ'երթայ դէպի արեւմտահայերէնի վախճանը:

Վստահ եմ որ եթէ ես իմ գրութիւններս գրէի թրքերէնով անոնք շատ աւելի բարձր թիւով ընթերցողներու կողմէ պիտի կարդացուէին:Բայց ես վճռած եմ գրութիւններս գրել մեր մայրենի լեզուով եւ միշտ ալ այսպէս պիտի շարունակեմ:

Կ'ուզեմ յայտնել իմ խորին շնորհակալութիւններս ազնիւ տիկին Անահիդ Էմին Տերեանին որ բարեհաճեր է իմ գրական ոճս ուսումնասիրել :Այս ուսումնասիրութիւնը որ ստորեւ կը հրատարակեմ ինծի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունի որովհետեւ զիս տեղեակ կը պահէ իմ գրական ոճի ու որակի մասին:


Օշին Էլակէօզ

9 Յունիս 2011 - Պոլիս





Օշին Էլակյոզի լեզվամտածողության մի քանի առանձնահատկության մասին


Անահիտ Էմին-Տերյան
ՀՀ ԳԱԱ լեզվի ինստիտուտ


Գաղտնիք չէ, որ պոլսահայ գրական լեզուն, քաղաքական-մշակութաբանական տարբեր պատճառներով պայմանավորված, այժմ գտնվում է բավական անմխիթար վիճակում: Այն այժմ նման է մի լքված եկեղեցու, որը նոր-նոր փորձում է վերագտնել իր նախկին ավանդույթներն ու շքեղությունը: Հայոց ցեղասպանությունը և Երկրորդ համաշխարհայինը, ինչպես նաև չդադարող թուրքական հակահայկական ազգայնամոլությունը մոտ մեկ հարյուրամյակ հետևողականորեն ամայացնում էին պոլսահայ համայնքը: Որպես ասվածի լավագույն ապացույց` կարելի է մեջբերել միայն այն փաստը, որ գրական շքեղ ավանդույթ ունեցող համայնքը մի հարյուրամյակի ընթացքում ունեցավ միայն հատուկենտ հայալեզու գրողներ` փոխարենը մի քանի անգամ ավելի շատ թուրքալեզու ստեղծագործողներ պարգևելով թուրք գրականությանը:
Եվ ահա վերջին մի քանի տարիների ընթացքում որոշակիորեն փոխվել է պոլսահայերի ազգային ինքնագիտակցության մակարդակը. ավելի ու ավելի շատ հայեր են խոսում իրենց ազգային պատկանելության մասին, ասպարեզ են իջնում գրական նոր անուններ, ովքեր փորձում են վերստեղծել պոլսահայ համայնքի հայկականությունը: Այս նոր անուններից մեկն էլ Օշին Էլակյոզն է, ով ակտիվորեն տպագրվում է Ստամբուլի հայկական պարբերականներում, ինչպես նաև հետևողականորեն իր գրականությունը տարածում է համացանցում` հիմնականում սոցիալական ցանցերի միջոցով` հայ ընթերցողին ներկայացնելով իր նորավեպերը :
Իր կենսագրությունը Օշին Էլակյոզը ներկայացնում է վեց նախադասությամբ. «Ծնած եմ Պոլիս 4 Փետրուար 1962 թուականին:Նախակրթարանի ուսումս ստացած եմ Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի մէջ, ապա շարունակած եմ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանը:Այս վարժարանը աւարտելէ վերջ երկու տարի հաճախած եմ Վենետիկի համալսարանի տնտեսագիտութեան մասը: Զինուորական ստիպողական պարտականութիւնես վերջ սկսած եմ աշխատիլ օդանաւային հաստատութեան մէջ ուր մինչեւ այսօր կ'աշխատիմ:Ամուսնացած եմ Պրէնտա Պօյաճըկիլ ի հետ եւ ունիմ Տիգրիս անունով դուստր մը» :
Ինչպես երևում է ինքնակենսագրական այս փոքրիկ ակնարկից, Օշին Էլակյոզի համար գրականությունը «հոգու պահանջ» է, որն արթնացել և արտահայտվելու համարձակություն է ստացել վերջին տասնամյակի ընթացքում: Այս առումով Օշինը կարող է համարվել մի յուրօրինակ խորհրդանիշ, որ մարմնավորում է պոլսահայ համայնքում հայկականության` հայոց լեզվի և գրականության հանդեպ հետաքրքրվածության կտրուկ աճը:
«Եթէ ուրիշ ժողովրդների համար բանաստեղծութիւնը գեղեցկութեան նւաճման բարդ եւ խորիմաստ միջոց է, եթէ նա կոչւած է հարստացնելու արդէն շատ երեւոյթներով պերճացած եւ զւարճացած կեանքը, եթէ նա սնունդ է «քիչերի եւ ընտրեալների» համար եւ նրբաճաշակ պրպտումների առարկայ, հայու համար նա անհրաժեշտ հոգեկան հաց է եւ իր էութիւնը պատճառաբանող եւ արդարացնող աստղակերտ ցոլացում» . սա Կոստան Զարյանի գնահատականն է ընդհանրապես հայ գրականությանն ու խոսքին, ինչը առավել դիպուկ է բնորոշում նաև Էլակյոզի ստեղծագործությունը, ինչպես նաև հեղինակի վերաբերմունքն իր գրականության նկատմամբ:
Գիտակցելով, որ հնարավոր չէ մեկ հոդվածի սահմաններում հնարավորինս համակողմանիորեն ներկայացնել Օշին Էլակյոզի լեզվամտածողության առանձնահատկությունների ողջ համակարգը, կանդրադառնանք միայն նրանցից մի քանիսին, որոնք արձակագրի ստեղծագործության մեջ ունեն առանցքային նշանակություն և կարող են բավարար հիմք հանդիսանալ պոլսահայ գրական լեզվի զարգացման ներկայիս միտումները գոնե ուրվագծելու համար:

Առաջին առանձնահատկությունը վերաբերում է պոլսահայ արձակագրի բառապաշարին: Նախ Օշինը չի հետևում արևմտահայ դասական գրականության բառաստեղծման հարուստ ավանդույթին: Թեև նրա նորավեպերում շատ քիչ են օտարաբանությունների կիրառությունները (վակոն, սիկառ, ժանտարմա ևն), և արձակագիրը հետևում է գրական արևմտահայերենի բառապաշարի ավանդույթներին (ընկալուչ, շոգեկառք, շարժանկար, սպասյակ, ձեռաձիր ևն)` ընթերցողին հրամցնելով հիրավի գրական արևմտահայերեն, այդուհանդերձ նրա արձակում ակնհայտորեն բացակայում են հեղինակային նորաբանությունները, ինչը բնորոշ էր անցյալ դարասկզբի արևմտահայ գրականությանը: Այստեղ անկասկած պետք է դիտարկել երկու էական պատճառ: Առաջինը կարելի է պայմանականորեն կոչել ընդհանուր-համայնքային, քանի որ գրական պոլսահայերենի վերաբացահայտման նոր փուլը չէր կարող տեղի ունենալ հախուռն, և ընդհանրապես պոլսահայ համայնքն այժմ նորից լեզվի հղկման ու վերաիմաստավորման նոր փուլում է գտնվում, որը սկսվել է լեզվական եղած-անթեղված հարստությունների վերաբացահայտումից: Երկրորդ պատճառն արդեն զուտ գրողական-գեղագիտական բացատրություն ունի: Խնդիրն այն է, որ Օշին Էլակյոզի համար չափազանց կարևոր է տեքստի` պայմանականորեն ասված «թեթևությունը», քանի որ իմաստային ողջ «ծանրությունը» ընկնում է տեքստային բովանդակության, այլ ոչ թե ձևի վրա: Այս առումով նա գերազանցապես Գրիգոր Զոհրապի գեղագիտության հետևորդն է. Օշինի համար ևս բառը չափազանց կարևոր և ստույգ կիրառություն ունի, սակայն բառը միջոց է, նշան` նշանակյալին հասնելու ճանապարհին:
Գեղագիտական այս ընկալմամբ է պայմանավորված բառապաշարային մյուս առանձնահատկությունը ևս, որն առաջին հայացքից նույնպես հակադրվում է արևմտահայ դասական գրականության ավանդույթին. Էլակյոզը գրեթե չի օգտվում հոմանիշային կուտակումներից: Եթե մի քանի պարզ ու ամենակարևորը` կարճ օրինակները չհաշվենք (ինչպես օրինակ` «Մաքուր ու թարմ օդն անգամ չէր կրցած իր քիթին մէջ գտնուող վառօդի կծու հոտը անհետացնել» ), ապա կարելի է ասել, որ Էլակյոզի արձակում ընդհանրապես բացակայում է հոմանիշային կուտակումը: Արձակագրի գեղագիտական այս պատկերացումների մեջ կարելի է տեսնել նաև գլխավորապես ամերիկյան և այն էլ քսաներորդ դարի ռեալիստական արձակի սկզբունքները, ըստ որի` գրականությունը պետք է հնարավորինս խուսափի գնահատական արտահայտող բառերի կիրառությունից, քանի որ բուն գնահատականը պետք է հնչի ընթերցողի ուղեղում:
Օշին Էլակյոզի լեզվամտածողության մյուս առանձնահատկությունը ևս բխում է նրա գեղագիտությունից, և այն պայմանականորեն կարելի է կոչել կառուցվածքային-ձևաբանական առանձնահատկություն: Խնդիրն այն է, որ Էլակյոզի նորավեպի հիմքում բայն է, գլխավորապես` դիմավոր բայը: Ասենք` «Երբ արթնցաւ, օրը կէս ըլլալու վրայ էր արդէն: Վար իջաւ անկողնէն, տունէն դուրս ելաւ ու մտաւ իր տան դիմաց գտնուող սրճարանէն ներս , անկիւն մը փոքր սեղանի մը շուրջ նստաւ եւ սուրճ մը ապսպրեց» : Կամ` «Առաւօտ կանուխ արթնցաւ, ածիլուեցաւ, հագուեցաւ, նախաճաշը ըրաւ, սուրճը խմեց ու շիտակ Վենետիկի Սանթա Լուչիա կայարանը գնաց, զինք Վերոնա տանելիք շոգեկառքը գտաւ ու իր նստարանին գտնուած վակոնը մտաւ եւ իր տեղը նստաւ» : Կամ` «Մինչդեռ հիմա, մայրը ներսը պառկած էր կիսամերկ վիճակի մէջ, իսկ զաւակը դուրսը կը սպասէր բոյժ քոյրերուն մէկ արտօնութեան, որպէսզի ներս մտնէր ու պահ մը նստէր իր մօրը սնարին քով» ։ Բայագործածության հաճախակիությունը հատկապես ընդգծվում է նկարագրությունների ժամանակ: Այս առանձնահատկությունը մի յուրահատուկ թեթևություն է հաղորդում Օշին Էլակյոզի արձակին: Սակայն սա միայն կառուցվածքային-տեխնիկական հատկանիշ չէ: Այն հենվում է նախանցած դարասկզբից սկիզբ առած ու հետագայում բազմիցս վերաիմաստավորված ռեալիստական այն պատկերացումներին, ըստ որոնց` կյանքը հենց շարժումն է, և իրական գրականությունը, որ պետք է արտացոլի իրական կյանքը, պետք է ցույց տա հենց այդ հարափոփոխ շարժումը, որը երբեք կանգ չի առնում:

Շարժման շարունակականությունը ընդգծելու անհրաժեշտությամբ է պայմանավորված այն հանգամանքը, որ Էլակյոզը հիմնականում չի տրոհում համադաս, իսկ հետադաս կիրառության դեպքում` նաև ստորադաս նախադասությունները` դրանով իր արձակի կետադրությանը ևս հաղորդելով որոշակի ոճական կիրառություն: Օրինակ` «Հիւանդանոցի խտացեալ դարմանումի բաժնին մէջ մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր նոյն տեսարանն էր որ կը տեսնէր, եւ այդ տեսարանը զինքը խորապէս ցնցած էր» ։ Եռաբաղադրիչ այս նախադասությունն ունի միայն մեկ տրոհում` և-ից առաջ, որովհետև հեղինակն ուզում է շեշտել ու առանձնացնել երրորդ ստորոգումը: Կամ` «Պահ մը աչք աչքի եկաւ Թամարին հետ բայց իր աչքերը դէպի գետին սահեցնելով գլուխը վար ծռեց ու նստաւ ղեկանիւին ետեւը որպէսզի տանի ու զայն ապահով տեղ մը ձգէ» : Այս նախադասությունը ևս «յուրօրինակ» կետադրություն ունի, որովհետև այն ևս տրոհված չէ, իսկ պատճառն այն է, որ ստորոգումների հերթականությունը համընկնում է տրամաբանական-ժամանակային հաջորդականությանը` եկաւ, վար ծռեց, նստաւ, տանի, ձգէ: Եվ օրինաչափ է, որ երբ բազմաբարդ նախադասությունների ստորոգյալների հերթականությունը չի համապատասխանում ֆաբուլայի ժամանակագրությանը, ապա բաղադրիչ նախադասությունները տրոհվում են: Օրինակ` «Այսպէս, այն սիրելի ու տարիքոտ կինը, որ հիմա հոգեվարքի մէջ կը պառկէր, վերջին անգամ քառասուն տարի առաջ էր որ պառկած էր հիւանդանոցի մը մէջ» ։ Կամ` «Յուղարկաւորութեան օրը կարծես սուգի օր չէր իրեն համար, տօնական զգայնութիւն մը կար իր մէջ, իր մօրը քաշած տառապանքները վերջացած էին այլեւս եւ այդ պաշտելի կինը վերջապէս պիտի հանգչէր հոն ուրկէ եկած ենք բոլորս եւ ուր օր մը պիտի վերադառնանք անպայման» ։ Ինչպես տեսնում ենք կոնկրետ այս` երկրորդ օրինակից, տրոհվել են նախադասության միայն այն ստորոգումները, որոնք խախտում են ֆաբուլային զարգացումը կամ արտահայտում են զուգահեռ արտահայտվող, դրսևորվող գործողություն կամ եղելություն:
Շարահյուսական-կառուցվածքային մյուս առանձնահատկությունն այն է, որ Էլակյոզի արձակի հիմքը բազմաբարդ նախադասությունն է, որը, ինչպես արդեն նշեցինք, բայերի կիրառության շնորհիվ ավելորդ ծանրություն չի հաղորդում տեքստին, բայց նույն միջոցով, այսինքն` բայերի կիրառությամբ, ստեղծում է իրականության ընդհատության պատկեր: Օրինակ` «Խղճին ձայնը» նորավեպում անդրադառնալով հերոսի` նոր գլուխ բարձրացնող ցավին և մնացած մարդկանց հետ հակադրությանը` Էլակյոզը գրում է. «Անոնք կուլային քանի մը օր, քանի մը շաբաթ, բայց ի վերջոյ կը հանգստանային, որովհետեւ պարպած կըլլային իրենց ցաւը ու կը վերադառնային իրենց բնականոն կեանքին, իսկ ինք հակառակը ապրած էր, առաջին օրը չէր լացած եւ հիմա կը սկսէր լալ, կը սկսէր հեկեկալ ամէն անգամ որ կը յիշէր իր մայրը» ։ Հատկանշական է այն, որ եթե դիմավոր բայերի շնորհիվ արձակագիրը թեթևասահություն էր հաղորդում իր ստեղծագործությանը, ապա իրականության ընդհատությունն ընդգծվում է գլխավորապես դերբայների օգնությամբ: «Ճիշտ այդ պահուն, երբ ինք այլեւս կենալու վրայ էր ու վակոնները իր քովէն արագութեամբ կ’անցնէին եւ երբ վերջին վակոնն ալ իր քովէն կ’անցնէր, այն վերջին վակոնին վերջին դուռը յանկարծ բացուեցաւ, երկարահասակ յաղթանդամ մարդ մը մէկ ձեռքով վակոնին դռնէն կախուեցաւ ու միւս ձեռքով Փիէր Լուիճիին հագած հաստ վերարկուին օձիքէն բռնելուն պէս զայն իր ամբողջ ուժով վեր բարձրացնելով վակոնին մէջ առաւ» : Կամ` «Մարդը այս մտածումներով խանգարուած եւ խմած գինիին թուլցնող ազդեցութեան տակ քալած ատեն, չտեսաւ իր առջեւի փոսը եւ մէջը ինկաւ» ։ Իրականության բազմաշերտությունը, բազմահանգամանք լինելն արտահայտելու խնդիրը Էլակյոզը լուծում է նաև երկրորդական
անդամների, օրինակ` պարագաների շարադասության, ինչպես նաև` պարզապես լրացուցիչ տրոհության միջոցով: Օրինակ` «Հիւանդները, այդ ցուրտ եւ ընդարձակ սենեակին մէջ, քով քովի պառկած, անկողիններուն մէջ բոլորովին մերկ ու անշարժ, սպանդանոցի մէջ ձեխունէն կախուած միսերու կը նմանէին։ Այս տխուր պատկերը շատ աւելի յուզումնալից կը դառնայ երբ այդ անկողիններէն մէկուն մէջ պառկողը մարդուս մէկ հարազատն է» ։
Եվ գեղագիտական-փիլիսոփայական յուրահատուկ հայացքներով է պայմանավորված նաև Օշին Էլակյոզի արձակի` այս հոդվածում արծարծվող վերջին առանձնահատկությունը: Ըստ արձակագրի գեղագիտության` բառը չի կարող ավելի տարողունակ և անսպասելի լինել, քան իրականությունն է: Հետևաբար` պետք չէ տեքստը հագեցնել ինչ-որ հատուկ միջոցներով, քանի որ միակ հատուկ միջոցը իրականության օտարումն է գրականության մեջ: Այստեղից էլ բխում է այն, որ Էլակյոզը սկզբունքորեն չի օգտագործում գեղարվեստական արտահայտչամիջոցներից և ոչ մեկը: Օրինակ` լինելով միակ հայ գրողը, ով թեկուզև ոչ մեծածավալ ստեղծագործությամբ` «Ուղևորության փոխարժեքը» նորավեպով, բայց անդրադարձել է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներին Թուրքիայում տեղի ունեցած հայկական նոր տեղահանություններին, Էլակյոզը պարզապես նկարագրում է արտաքսվող իր հերոսի` Հրանդ Տէօքմէճեանի մտորումներն ու զգացողությունները` առանց այլևայլությունների և ավելորդ ընդգծումների, որովհետև ողբերգականը իրականությունն է, և չի կարող առանձին բառ, գեղարվեստական միջոց արտահայտել այդ ողբերգության ծանրությունը:
Ամփոփելով ասվածը` կարելի է նշել, որ Օշին Էլակյոզի լեզվամտածողությունը մի կողմից հիմնվում է գրական արևմտահայերենի լավագույն, սակայն երկար ժամանակ արդեն գրեթե բարձիթողի վիճակում գտնվող ավանդույթների, իսկ մյուս կողմից` քսաներորդ դարի արևմտյան ռեալիստական նորավեպի լավագույն ավանդույթների վրա` դառնալով հետզհետե խոր քնից արթնացող պոլսահայ ժամանակակից գրականության յուրօրինակ խորհրդանիշ:

31 May 2011

Քիւրտեր


Փորձանք անցեալին հայերու այժմ թուրքերու գլխին

Հայերը, Օսմանական կայսրութեան մէջ ճանչցուած էին իբր աշխատասէր եւ արուեստագէտ ազգ մը: Օսմանական պալատին մէջ կը պաշտօնավարէին մեծ թիւով ամիրաներ,փաշաներ,խորհրդատուներ եւ այլ պալատական պաշտօնեաներ: Այդ շրջանին հայ ազգը Օսմանական կայսրութեան կողմէ կը կոչուէր
<< հաւատարիմ հպատակներ>>:

Օսմանական կայսրութեան մէջ հայ ազգին ունեցած հարցերը ,ժողովուրդին կրած տառապանքը եւ իրենց ունեցած գանգատները , 1915 էն շատ առաջ սկսած էին . եւ բոլոր գանգատներուն պատճառը քիւրտ ցեղախումբերուն եւ աւազակ խումբերուն հայ գիւղերուն վրայ ըրած յարձակումները , հարստահարումները , սպանդները,բռնաբարումները եւ այլ վայրագութիւններն էին:Քիւրտերը, թափառական ցեղեր էին եւ երկրին մէջ միշտ կը շրջէին առանց մնայուն ապաստան մը հաստատելու:Այս կացութիւնը հարկաւ թէ ընդունելի չէր կայսրութեան կողմէ, որովհետեւ թափառական ժողովուրդ մը արտադրում չունենալուն համար երկրին ալ օգուտ չէր կրնար ունենալ:Եղանակ մը երկրին մէկ շրջանին մէջ կապրէին ու յետոյ կը փոխադրուէին ուրիշ շրջան մը:

Այս անպատեհ կացութիւնը փոխել եւ թափառական եղող այս ազգէն ալ օգտուելու համար այն ժամանակուայ կայսրը, քիւրտերուն թափառականութեան վերջ տալով իրենց հող տրամադրեց որպէսզի հերկէն ,աշխատին ու թէ իրենք շահին եւ թէ երկրին օգտակար ըլլան:Բայց քիւրտերը աշխատելու բնաւ վարժ չըլլալնուն եւ այսպէս փափագ մըն ալ չունենալնուն համար փոխանակ աշխատելու իրենց դրացի աշխատասէր հայ գիւղերը հարստահարելով, կողոպտելով եւ հայ գիւղացիները իրենց ստրկութեան տակ առնելով ապրիլ սկսան:

Կայսրութեան արեւելեան նահանգներու մէջ ապրող հայ ժողովուրդին գանգատները,կոչերը եւ իրենց կրած տառապանքը չիմացուեցաւ ոչ կայսրութեան ոչ Հայոց Պատրիարքարանի եւ ոչ ալ հայ ամիրաներու ու փաշաներու կողմէ: Այս վերջինները իրենց հանգիստը չէին ուզեր խանգարել իսկ կայսրն ալ չէր ուզեր հայերու պատճառով իրէն կրօնակից քիւրտերու հետ որեւէ կնճռոտ հարց ունենալ:Ասկէ զատ կար նաեւ այն պատճառը որ կայսրութեան տիրապետութեան ոյժը չէր հասնէր մինչեւ արեւելեան նահանգները:

Հայ ազգի ամենամեծ գրողներէն մէկը եղող Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան ) որ ապրած է 1835 - 1888 տարիներուն իր վէպերուն մէջ շատ լաւ բացատրած է հայ ժողովուրդին Քիւրտերու կողմէ կրած տառապանքը մանաւանդ իր << Տաճկահայք >> կոչուած վաւերական գիրքին մէջ:Րաֆֆիի գիրքերը շատ մեծ կարեւորութիւն ունին մեր պատմութեան մէջ որովհետեւ ան մահացած է 1915 էն քսանեօթ տարիներ առաջ ուստի ոչ ոք կրնայ պնդել թէ Րաֆֆիի գիրքերը ցեղասպանութեան քարոզչութիւն են, ընդհակառակը անոնց բոլորն ալ մէյմէկ վկայագիր է որոնցմէ շատ յստակ կերպով կարելի է տեսնել թէ հայ ազգը բռնիօրէն կ'առաջնորդուի դէպի բնաջնջումի:

Օսմանական կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը Ապտիւլ Համիտի կայսրութեան շրջանին իր գագաթին հասաւ:Յետոյ սկսաւ հայ ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան շարժումը բռնապետութեան դէմ :Ասոր վրայ Ապտիւլ Համիտ կազմեց Համիտիյէ կոչուած զօրագունդերը որոնք կը բաղկանային բանտերէ ազատ արձակուած քիւրտ դատապարտեալներէ:Այս վերջինները ալ աւելի վայրագութեամբ սկսան խոշտանգել ու կոտորել հայ ժողովուրը:Ապտիւլ Համիտը տապալող իթթիհատականները իր տեղ բերին Մէհմէտ Ռէշատ որ կատարեալ կերպով իրենց խամաճիկը դարձաւ բայց կայսրութեան մէջ խռովութիւնները ե խառն վիճակը կը շարունակուէր:

Ծայրայեղ ազգայնամոլ քաղաքականութիւն մը մշակող իթթիհատականները, 23 Յունուար 1913 ին այն ժամանակ հազարապետ եղող մեզի ծանօթ Էնվէր փաշայի առաջնորդութեամբ զինուած խումբ մը զինուորով զինուորական յեղափոխութիւն մը իրականացուցին եւ երկրին ձեռք դրին:

Իթթիհատականներու ծայրայեղ ազգայնամոլ քաղաքականութեան գլխաւոր զոհը դարձեալ հայերը եղան եւ այս զոհերուն դահիճներն ալ դարձեալ քիւրտերը, որոնք այդ տարիներուն իթթիհատականներուն հակահայ քաղաքականութեան եւ հայաջինջ ծրագիրներուն ամենամեծ զօրակիցներն էին:Շարունակութիւնը բոլորս գիտենք արդէն հայ ազգը Միջագետքի հողերէն բնաջնջուեցաւ ու անոնց տեղ եկան քիւրտերը :Հայ ազգին ինքնապաշտպանութեան շարժումին ծագման պատճառը եւ գլխուն եկած այս ամենամեծ փորձանքին մայր ազդակը քիւրտերը եղած են, դահիճներն ալ դարձեալ իրենք եղած են:

Մեր ազգին կրած տառապանքը եւ բնաջնջումը շատ պարզ եւ համառօտ ըլլալով այս տողերով բացատրելէ վերջ գանք այսօրուայ վիճակին :

Այն տարիներու դէպի հայ ժողովուրդ ուղղուած քիւրտերուն թշնամութիւնը, հայերուն բնաջնջումէն վերջ իր ուղղութիւնը փոխեց եւ ուղղուեցաւ դէպի 1923 ին հռչակուող թուրք հանրապետութեան:Հանրապետութեան հռչակումէն մինչեւ այսօր իրականացած են շուրջ 24 քրտական ապստամբութիւններ որոնք թուրք պետութեան կողմէ կարելի եղած է հակակշիռի տակ առնել արիւնոտ բախումներէ ետք:

Հիմա կը կարծուի թէ Թուրքիոյ մէջ կապրի շուրջ 15 միլիոն քիւրտ որոնք քաղաքական մեծ ոյժ մը կը կազմէն երկրին մէջ եւ ունին իրենց կուսակցութիւնը :Կայ նաեւ ՓՔՔ կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որ շուրջ 30 տարի է ի վեր արիւնոտ պատերազմ մը կը մղէ թուրք պետութեան դէմ:Շնորհիւ վերջին ութ տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան բարելաւման, քիւրտերը հիմա աւելի համարձակ պահանջքներ կ'ունենան պետութենէ:Անոնք կը պահանջեն որոշ նահանգային ինքնավարութիւն, քրտերէնին պաշտօնական լեզու ըլլալով ընդունուիլը եւ քրտական դրօշակին արեւելեան նահանգներուն մէջ պարզուիլը :Քիւրտերուն հիմա ունեցած այս պահանջներուն մասին ասկէ հինգ տարի առաջ կարելի չէր նոյնիսկ մտածել: Իրենց այս պահանջքները հիմա ընդունելի կ'ըլլայ նաեւ թուրք դիւանագէտներու եւ որոշ կուսակցութիւններու կողմէ:Ընդդիմադիր կուսակցութեան պէտը 12 Յունիսին կարատուելիք ընդհանուր ընտրութիւններէն առաջ ըրած քարոզչութեան ժամանակ կը խոստանայ որ եթէ իրենք գործի գլուխ գան պիտի ընդունին քիւրտերուն պահանջները որոնք եթէ իսկապէս իրականանան կրնայ երկիրը կամաց կամաց առաջնորդել դէպի բաժանումի եւ Թուրքիոյ հողերուն մէկ մասին վրայ քիւրտիստանի մը հռչակման:Զարմանալին այն է որ Թուրքիոյ մայր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը որ իթթիհատական կուսակցութեան, այն ժամանակուայ պետութեան կողմէ փակուելէ եւ ղեկավարներուն մէկ մասին ձերբակալուելէ վերջ, մնացած հին իթթիհատականներու եւ Մուսթաֆա Քէմալի կողմէ կազմուած կուսակցութիւն մըն է եւ Թուրքիոյ մէջ ընդունուած է իբր Մուսթաֆա Քէմալի կուսակցութիւնը հիմա այս նոյն կուսակցութեան պետն է որ իր քարոզչութիւններու ընթացքին կը խոստանայ թէ եթէ գործի գլուխ գան քիւրտերուն այս անընդունելի պահանջները պիտի ընդունին:Ուրիշ զարմանալի իրականութիւն մըն ալ այն է որ այս խոստումը տուող ընդդիմադիր կուսակցութեան պետը ինքն ալ Տերսիմցի քիւրտ մըն է:

Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին երկրին մէջ ապրող հայ ժողովուրդին բնաջնջումին մէջ մեծ դեր ունեցող քիւրտերը, հիմա իրենց հին դաշնակիցները եղող թուրքերուն պատկանող հողին մէկ մասը իրենցմէ անջատել կը ջանան :

Այն տարիներուն հայ ժողովուրդին իրենց գոյատեւումը շարունակելու համար ունեցած արդար պահանջներուն զէնքով, սուրով ու աքսորով պատասխանող պետութիւնը, հիմա քիւրտերուն ունեցած այս անընդունելի պահանջներուն դիմած անճար դիրք մը առած է:

Թրքերէն խօսք մը կայ որ կարելի է սապէս թարքմանել << դուն մի ընէր որպէսզի ուրիշներն ալ նոյնը քեզ չընեն >>


Օշին Էլակէօզ

1 Յունիս 2011 - Պոլիս

24 May 2011

Սփիւռքի Նախարարի Պոլիս այցելութիւնը վիճաբանութեան նիւթ դարձաւ



Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան անցեալները համաշխարհային կնոջական համագումարի մասնակցելու նպատակով Պոլիս այցելութիւն մը կատարեց, եւ այս առիթէն օգտուելով հանդիպումներ ունեցաւ Պոլսահայ համայնքային շրջաններէն ներս ու Պոլսահայ մտաւորականներէն որոշ անձերու մշակութային շքանշաններ նուիրեց:

Սփիւռքի Նախարարութեան այս այցելութիւնը Պոլսահայ մտաւորականներէն ոմանց անհանգստութիւն պատճառեց:Անոնք կը բողոքէին ըսելով թէ Հայաստանէն Պոլիս Սփիւռքի նախարար մը պէտք չէր այցելէր որովհետեւ մենք Պոլսահայերս սփիւռք չենք, այլ մենք կապրինք մեր հօրենական հողերուն վրայ ուր մեր պապերը հազարաւոր տարիներ ապրած են:Այս յայտարարութիւնները հրատարակուեցան նաեւ թրքական թերթերուն մէջ:

Այն վիճաբանութիւնը թէ մենք Պոլսահայերս սփիւռք կրնանք նկատուիլ թէ ոչ կրնանք միշտ ընել մեր մէջ, առանց օտարները միջամուխ ընելու այս վիճաբանութեան բայց այս պատճառաւ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի Պոլիս այցելած ըլլալուն համար բողոքելը ըստ իս անիմաստ է:Մնաց որ Սփիւռքի Նախարարին քաղաքս այցելելը եւ Պոլսահայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալը եթէ իրենց իսկապէս անհանգստութիւն կը պատճառէր ուրեմն անոնք պէտք է որ չընդունէին Սփիւռքի Նախարարի ի պատիւ տրուած հրաւէրի մը մասնակցիլ ու իր ձեռքէն շքանշան ստանալ:Եթէ հրաւէրը ընդունեցին եւ ստացան շքանշանը ուրեմն այլեւս բողոքելու պատճառ մըն ալ չունին :

Մենք Թրքահայերս, մինչեւ հիմա պետութեան մշակած դռնփակ ու հակահայ քաղաքականութեան պատճառաւ ոչ մէկ յարաբերութիւն կրցանք ունենալ մեծ մասը մեր մէջէն ծագում առած սփիւռքահայութեան կամ Հայաստանի հետ:Այս պատճառաւ է որ անոնք մեզի նկատեցին իբր խորթ եղբայր:Անոնք մեզ նկատեցին թուրք կամ թրքացած ու կորած հայեր:Մենք Թրքահայերս ալ որոշ քաղաքական ճնշումներու պատճառաւ ստիպուեցանք մեր կռնակը դարձնել սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանին :Մինչեւ հիմա չի յաջողեցանք մեր եւ անոնց միջեւ կամուրջ մը կառուցանել ու բացատրել իրենց մեր ունեցած կարեւորութիւնը, պաշտպանելու համար մեր պապերուն այս հողերուն վրայ ունեցած քանի մը հազար տարուայ գոյութիւնը եւ մշակոյթը:Անոնք յայտնի պատճառներով ստիպուեցան հեռանալ, ձգել ու փախչիլ իրենց հայրենի հողերէն:Շատեր բռնի կերպով աքսորուեցան, չարչարուեցան, զոհուեցան:Իսկ մենք շարունակեցինք մնալ ու ապրիլ մեր պապերուն ապրած այս հողերուն վրայ դիմադրելով ճնշումներու, հալածանքներու, թշնամութիւններու:Մեր ուժերուն ներածին չափ պայքարեցանք որպէսզի կանգուն պահենք այս հողերուն վրայ գտնուող մեր մշակութային արժեգները :Եթէ ներկայիս այս հողերուն վրայ հայ մշակոյթին պատկանող արժեգներ դեռ գոյութիւն ունին, հայութիւնը ասիկա կը պարտի Թրքահայերուն:Կասկած չկայ թէ եթէ մենք հոս չըլլայինք եւ չի պայքարէինք անոնք կանգուն պահելու համար հիմա անոնցմէ ստուէր անգամ մնացած պիտի չըլլար:

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքներու տեսակէտէ շատ մեծ բարեփոխումներ եղան:Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շատ տկար ալ ըլլայ դիւանաբանական յարաբերութիւններ սկսան:Երկու երկիրներու մէջ լրագրողներ, մտաւորականներ, վաճառականներ յաճախ զիրար կայցելէն:Թէ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովներ կը կատարուին որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդը զիրար հասկնան, զիրար աւելի մօտէն ճանչնան:Պէտք է ընդունիլ որ երկու երկիրներուն մտաւորականները իրենց դիւանագէտներէն շատ աւելի յաջող ու բարեկամեցողական ընթացք մը ունեցան այս նիւթին մէջ:

Ասիկա շատ լաւ առիթ մըն է որ մենք ալ սփիւռքահայութեան հետ շփման մէջ մտնենք ու զիրար հասկնալ ջանանք:Մնաց որ սփիւռքահայութիւնը եւ մենք իրարու օտար չենք: Իրարու թշնամին կամ մրցակիցը չենք այլ բոլորիս ծանօթ ստիպումներու պատճառաւ սփիւռքահայութիւնը մեր մէջէն ծագում առած է:Մենք իրարու կը պատկանինք:

Մեր եւ սփիւռքահայութեան մէջ Հրանդ Տինքի առաջնորդութեամբ հաստատուած կամուրջը պէտք է որ աւելի ամրապնդենք:Ուստի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին քաղաքս այցելելը եւ Պոլսահայութեան հետ հանդիպումներ ունենալը մեզ պէտք չէ որ անհանգստացնէ




Օշին Էլակէօզ

Պոլիս 24 Մայիս 2011